Մարզական

Թենիս. Անի Ամիրաղեան Յաղթանակով Սկսաւ «Թելաւի-Օփըն-2015»-ի Մրցաշարքը

Հայաստանի թենիսի աղջկանց յառաջատար Անի Ամիրաղեան յաղթանակով սկսաւ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցող «Թելաւի-օփըն-2015»-ի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ իր կատարած առաջին մրցումին 6-0 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթեց ռուս Ատելինա Պարաւիին: ArmSport.am աւելցուց, որ Ամիրաղեան վերջին 3 մրցաշարքերուն յաջող ելոյթներ ունենալով բաւական բարելաւեց իր դիրքը միջազգային նոր դասաւորման մէջ` 778-րդ դիրքէն բարձրանալով 630-րդ դիրք:

Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբերին. Ռիատի Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Մանարայի մէջ գտնուող իր ակումբին մէջ, հինգշաբթի, 17 սեպտեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ռիատի Պէյրութ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ 20-24 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք` ակումբին նախագահ Հիշամ Ժարուտիի անուան պասքեթպոլի աղջկանց Ա. մրցաշարքին: Կազմակերպիչ ակումբէն` Ռիատիէն բացի, այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Յունաստանի փոխախոյեան Փանաթինայքոս, Սլովենիոյ ախոյեան Աթլեթ Սելժի եւ Մակեդոնիոյ ախոյեան Փատել Սքոփյէ: Նշենք, որ...

Արզումանեան Քանի Մը Մրցումով Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ամքար, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Քուպան Քրասնոտարը, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ: Ամքարի կազմին հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան: Արզումանեան, որ Ա. կիսախաղի դադարին վնասուածք ստանալով փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, քանի մը մրցումով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց ArmSport.am:  

Չելսիի Բերդապահ Քուրթուա Երկար Ժամանակ Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Պելճիքացի 23 տարեկան միջազգային բերդապահ Թիպօ Քուրթուա երկար ժամանակ պիտի բացակայի իր կազմին` Չելսիի կատարելիք մրցումներէն, նկատի ունենալով, որ ան պէտք ունի ծունկի վիրաբուժութեան, երէկ յայտնեց անոր մարզիչը` Ժոզէ Մուրինիօ: Քուրթուա վիրաւորուեցաւ փորձերուն ընթացքին: Պոսնիացի Ասմիր Պեկովիչ, որ այս տարի Սթոք Սիթիէն միացաւ լոնտոնեան ակումբին, պիտի ըլլայ Քուրթուան փոխարինողը, երէկ յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:  

Ռէալի Յետսապահ Տանիլօ 3-էն 4 Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ ԱՍ կը տեղեկացնէ, որ Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի յետսապահ Տանիլօ 3-էն 4 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: 24 տարեկան Տանիլօ, որ վիրաւոր է, իր մասնակցութիւնը բերաւ Ռէալ Մատրիտի կատարած առաջին երկու մրցումներուն` 2015-2016 տարեշրջանին գծով:  

Փորթուգալի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Գէորգ Ղազարեան Տուպլէ Մը Իրագործեց Մարիթիմոյի Հետ

Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մարիթիմօ արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 5-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Վիթորիա Կիմարաէշը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան, որ Մարիթիմոյի հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, տուպլէ մը իրագործեց` 71-րդ եւ 78-րդ (փենալթիով) վայրկեաններուն: Ան դաշտ ներկայացաւ 90 վայրկեան: Այս յաղթանակէն ետք Մարիթիմօ ապահովելով 5 կէտ բարձրացաւ 8-րդ...

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Կը Պատրաստուի Բարեկամական Մրցումներու

Ինչպէս յայտնի է, 16 եւ 18 սեպտեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում` Մոլտովայի իր հասակակիցներուն դէմ: Այս մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիայի մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսին ժամը 18:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով): Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ վերոնշեալ վայրին մէջ հաւաքականին սկսած մարզական հաւաքը (14 սեպտեմբերին) պիտի...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Եուվենթուս. Վաղը` Ա. Էս. Ռոմա – Պարսելոնա

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մրցումները կը սկսին այսօր` երեքշաբթի, 15 սեպտեմբերին, երբ կը կատարուին 8 ճակատումներ: Վաղուան յայտագիրին վրայ եւս կան նոյնքան մրցումներ: Այսօր Անգլիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Մանչեսթըր Սիթի պիտի հիւրընկալէ Եուվենթուսը: Ինչ կը վերաբերի վաղը տեղի ունենալիք մրցումներուն, Պարսելոնա հիւրը պիտի ըլլայ Ա. Էս. Ռոմայի: Ստորեւ` մրցումներուն...

Դաւիթ Արշակեան` Կոլի Հեղինակ

Լիթուանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանին, Թրաքայ իր դաշտին վրայ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Սփիրիսը: Յաղթական կազմին 3-րդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի թեկնածու Դաւիթ Արշակեան` 31-րդ վայրկեանին: Արշակեան 60-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Թրաքայ այժմ 59 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը, կ՛եզրափակէ ArmSport.am:  

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Տիոքովիչ Տիրացաւ Տարուան Իր Երրորդ Կրան – Շլեմի Տիտղոսին

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտականի սպասուած ճակատումը` թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Տիոքովիչի եւ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերի (դասուած` 2-րդ) միջեւ: 28 տարեկան Նովաք Տիոքովիչ տիրացաւ այս տարուան իր 3-րդ կրան շլեմի տիտղոսին, երբ 6-4, 5-7, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց 34 տարեկան զուիցերիացիին: Նշենք,...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Փեննեթթա Տիրացաւ Տիտղոսին, Ապա Լքեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

«Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին աղջկանց աւարտականին, 26-րդ դասուած իտալացի Ֆլաւիա Փեննեթթա, 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր ազգակիցին` Ռոպերթա Վինչիին, տիրացաւ տիտղոսին (անոր առաջին կրան շլեմի տիտղոսը): 33 տարեկան Փեննեթա, որ ստեղծեց այս մրցաշարքին մեծագոյն անանկալը, իր տիտղոսը ստանալէ ետք, իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին այլ մեծ անակնկալ մը մատուցեց, երբ յայտարարեց, որ կը լքէ...

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Արոնեան Եւ Մելքումեան Անցան Յաջորդ Հանգրուան. Յակոբեան Դուրս Մնաց

Ինչպէս ծանօթ է, Պաքուի մէջ տեղի կ՛ունենայ աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքը: 1-64-րդ հանգրուանի աւարտականի երկրորդ ճակատումին, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան Միքայէլ Վիտենկելերի (Լիւքսամպուրկ) դէմ, յաղթանակ մը եւս արձանագրելով անցաւ յաջորդ հանգրուան: Բ. հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան 14 եւ 16 սեպտեմբերին: 1-32-րդ հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչէն Հրանդ Մելքումեան, որ 1,5-0,5 արդիւնքով յաղթեց Կաթա Քամսքիի (Միացեալ Նահանգներ): Սակայն Վարուժան...

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. 1 Ոսկի Մետալ Եւ Ողիմպիականի 3 Տոմս

Նախորդ շաբաթավերջին Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) աւարտեցաւ ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին Հայաստանը ներկայացուցին յունահռոմէական ոճի 8 եւ ազատ ոճի 7 ըմբիշներ: Նախորդ տարի Թաշկենդի մէջ Հայաստանի հաւաքականը 2 ոսկի մետալի տիրացած էր, իսկ այս տարի Արթուր Ալեքսանեանի ոսկի մետալը միակն էր: Նկատի ունենալով, որ այս ախոյեանութիւնը վարկանշային էր, Ալեքսանեան ձեռք ձգեց նաեւ ողիմպիականի տոմս: Անոր հետ միասին ողիմպիականի...

Կռփամարտ. Վանես Մարտիրոսեան Յաղթեց Իշէ Սմիթին

Վանես Մարտիրոսեան աջին Առաջին կիսամիջին կարգի աշխարհի ախոյեանի նախկին թեկնածու Վանես Մարտիրոսեան նախորդ շաբաթավերջին Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) ճակատեցաւ նոյն կարգի նախկին ախոյեան, 37 տարեկան Իշէ Սմիթին դէմ: Այս մենամարտը, կը յայտնէ ArmSport.am դիտարժան եղաւ 3-րդ եւ 8-րդ ռաունտերուն: 9 ռաունտերէն ետք երկու իրաւարարները 97-91 արդիւնքով նախապատուութիւնը տուին Մարտիրոսեանին, իսկ երրորդ իրաւարարը տուաւ 95-95: Նշենք, որ այսպիսով յաղթական հռչակուելով...

«Պունտըսլիկա». Մխիթարեան` Կոլի Հեղինակ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Պորուսիա Տորթմունտ եւ Պայէրն Միւնիխ արձանագրեցին իրենց չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` ապահովելով առաւելագոյն 12 կէտը: Տորթմունտ, որ իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ կը գերազանցէ Պայէրնը, 4-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Հանովըր-96-ի դաշտէն: Տորթմունտի երկրորդ կոլը սքանչելի հարուածով մը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան (35-րդ): Անոր խմբակից Փիեռ-Էմերիք Օպամէյ...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Այցելեց Դաւթաշէնի Մէջ Կառուցուող Ողիմպիական Աւան

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Այցելեց Դաւթաշէնի Մէջ Կառուցուող Ողիմպիական Աւան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի ընկերակցութեամբ, երէկ այցելեց մայրաքաղաքի Դաւթաշէն վարչական շրջանին մէջ կառուցուող ողիմպիական աւան, ուր ծանօթացաւ շինարարութեան ընթացքին եւ շուրջ 7500 քառ. մեթր մակերեսի վրայ աւելի քան 300 մարզիկի համար նախատեսուած մարզահամալիրին ստեղծուած պայմաններուն: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղարութիւնը կ՛աւելցնէ, որ 2013-ին սկսած աշխատանքները կ՛աւարտին սեպտեմբեր 2015-ի վերջը:

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Հիլալ Հարեթ Նաամէ Մրցումը` Կիրակի, 18 Հոկտեմբերին

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց Լիբանանի ֆութպոլի Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի երթի մրցումներուն ամբողջական յայտագիրը: Երկու ախոյեանութիւններուն ալ ազդանշանը կը տրուի ուրբաթ, 16 հոկտեմբերին: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին, տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ կիրակի, 18 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալելով Հիլալ Հարեթ Նաամէն: ՀՄԸՄ երթի...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Մանչեսթըր Եունայթըտ – Լիվըրփուլ, Աթլեթիքօ Մատրիտ – Պարսելոնա. Վաղը` Ինթեր Միլան – Ա. Սէ. Միլան

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ պիտի կատարուին շարք մը հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ: Անգլիոյ մէջ երկրին երկու անուանի եւ հռչակաւոր խումբերը` Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Լիվըրփուլ, պիտի ճակատին իրարու դէմ, առաջինին դաշտին վրայ: Այլ հետաքրքրական մրցում մը այսօր իրարու դէմ պիտի հանէ Աթլեթիքօ Մատրիտը եւ Պարսելոնան: Իտալիոյ մէջ վաղը բաւական կարեւոր մրցումի մը ընթացքին իրարու դէմ յանդիման...

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Արոնեան Եւ Մելքումեան Յաղթանակով Սկսան

Լեւոն Արոնեան Երէկ` ուրբաթ, 11 սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ սկսաւ աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքը: Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ ճերմակ քարերով կը մրցէր Միհայիլ Վայտենկելերի դէմ (Լիւքսամպուրկ), յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը, երբ յաղթեց իր մրցակիցին` 33-րդ շարժումին: Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Հրանդ Մելքումեան` պարտութեան մատնելով Կաթա Քամսքին (Միացեալ Նահանգներ): Հայաստանի միւս ներկայացուցիչները` Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան,...

Տորթմունտ Մտադիր Է Երկարաձգել Մխիթարեանի Պայմանագրութիւնը

«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն` Պորուսիա Տորթմունտի պատասխանատուները յայտնեցին, որ մտադիր են երկարաձգել ակումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի պայմանագրութիւնը: Նախորդ տարեշրջանին ոչ այդքան յաջող ելոյթներէն ետք լուրեր տարածուեցան, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մխիթարեան պիտի հեռանայ իր կազմէն: Այժմ սակայն Մխիթարեան դարձեալ սկսած է փայլիլ իր ակումբին հետ, մանաւանդ որ ան ցարդ տեղի ունեցած 8 մրցումի ընթացքին նշանակած է 8 կոլ եւ կատարած...

Page 1183 of 1275 1 … 1,182 1,183 1,184 … 1,275

Արխիւներ