Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մարիթիմօ արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 5-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Վիթորիա Կիմարաէշը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան, որ Մարիթիմոյի հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, տուպլէ մը իրագործեց` 71-րդ եւ 78-րդ (փենալթիով) վայրկեաններուն: Ան դաշտ ներկայացաւ 90 վայրկեան:
Այս յաղթանակէն ետք Մարիթիմօ ապահովելով 5 կէտ բարձրացաւ 8-րդ դիրք: