Պելճիքացի 23 տարեկան միջազգային բերդապահ Թիպօ Քուրթուա երկար ժամանակ պիտի բացակայի իր կազմին` Չելսիի կատարելիք մրցումներէն, նկատի ունենալով, որ ան պէտք ունի ծունկի վիրաբուժութեան, երէկ յայտնեց անոր մարզիչը` Ժոզէ Մուրինիօ:
Քուրթուա վիրաւորուեցաւ փորձերուն ընթացքին:
Պոսնիացի Ասմիր Պեկովիչ, որ այս տարի Սթոք Սիթիէն միացաւ լոնտոնեան ակումբին, պիտի ըլլայ Քուրթուան փոխարինողը, երէկ յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: