Տը Ժէա 4 Տարիով Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը Եունայթըտի Հետ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի բերդապահ Տաւիտ տը Ժէա երէկ 4 տարիով երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը իր ակումբին հետ: Սպանացի միջազգային մարզիկը գրեթէ պիտի միանար Ռէալ Մատրիտի, սակայն նկատի ունենալով, որ անոր թղթածրարը ճիշդ ժամանակին չամբողջացաւ, արքայական կազմ անոր փոխանցումը տեղի չունեցաւ, որուն համար ալ երկու ակումբները զիրար մեղադրեցին: Նշենք, որ 24 տարեկան բերդապահին պայմանագրութիւնը Մանչեսթըրի հետ վերջ...


