Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի ընկերակցութեամբ, երէկ այցելեց մայրաքաղաքի Դաւթաշէն վարչական շրջանին մէջ կառուցուող ողիմպիական աւան, ուր ծանօթացաւ շինարարութեան ընթացքին եւ շուրջ 7500 քառ. մեթր մակերեսի վրայ աւելի քան 300 մարզիկի համար նախատեսուած մարզահամալիրին ստեղծուած պայմաններուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղարութիւնը կ՛աւելցնէ, որ 2013-ին սկսած աշխատանքները կ՛աւարտին սեպտեմբեր 2015-ի վերջը: