Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ամքար, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Քուպան Քրասնոտարը, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
Ամքարի կազմին հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան:
Արզումանեան, որ Ա. կիսախաղի դադարին վնասուածք ստանալով փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, քանի մը մրցումով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց ArmSport.am: