«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն` Պորուսիա Տորթմունտի պատասխանատուները յայտնեցին, որ մտադիր են երկարաձգել ակումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի պայմանագրութիւնը:
Նախորդ տարեշրջանին ոչ այդքան յաջող ելոյթներէն ետք լուրեր տարածուեցան, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մխիթարեան պիտի հեռանայ իր կազմէն:
Այժմ սակայն Մխիթարեան դարձեալ սկսած է փայլիլ իր ակումբին հետ, մանաւանդ որ ան ցարդ տեղի ունեցած 8 մրցումի ընթացքին նշանակած է 8 կոլ եւ կատարած 7 կոլի փոխանցում:
Նախորդ տարեշրջանին ան 42 մրցումի ընթացքին նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց 7 կոլի փոխանցում: