Լիթուանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանին, Թրաքայ իր դաշտին վրայ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Սփիրիսը:
Յաղթական կազմին 3-րդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի թեկնածու Դաւիթ Արշակեան` 31-րդ վայրկեանին:
Արշակեան 60-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Թրաքայ այժմ 59 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը, կ՛եզրափակէ ArmSport.am: