Մանարայի մէջ գտնուող իր ակումբին մէջ, հինգշաբթի, 17 սեպտեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ռիատի Պէյրութ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ 20-24 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք` ակումբին նախագահ Հիշամ Ժարուտիի անուան պասքեթպոլի աղջկանց Ա. մրցաշարքին:
Կազմակերպիչ ակումբէն` Ռիատիէն բացի, այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Յունաստանի փոխախոյեան Փանաթինայքոս, Սլովենիոյ ախոյեան Աթլեթ Սելժի եւ Մակեդոնիոյ ախոյեան Փատել Սքոփյէ:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր օր տեղի պիտի ունենայ 2 մրցում (ժամը 15:30-ին եւ 17:30-ին): Կիսաւարտականի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 23 սեպտեմբերին, իսկ աւարտականը` 24 սեպտեմբերին: