Հայաստանի թենիսի աղջկանց յառաջատար Անի Ամիրաղեան յաղթանակով սկսաւ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցող «Թելաւի-օփըն-2015»-ի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ իր կատարած առաջին մրցումին 6-0 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթեց ռուս Ատելինա Պարաւիին:
ArmSport.am աւելցուց, որ Ամիրաղեան վերջին 3 մրցաշարքերուն յաջող ելոյթներ ունենալով բաւական բարելաւեց իր դիրքը միջազգային նոր դասաւորման մէջ` 778-րդ դիրքէն բարձրանալով 630-րդ դիրք: