
Առաջին կիսամիջին կարգի աշխարհի ախոյեանի նախկին թեկնածու Վանես Մարտիրոսեան նախորդ շաբաթավերջին Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) ճակատեցաւ նոյն կարգի նախկին ախոյեան, 37 տարեկան Իշէ Սմիթին դէմ:
Այս մենամարտը, կը յայտնէ ArmSport.am դիտարժան եղաւ 3-րդ եւ 8-րդ ռաունտերուն:
9 ռաունտերէն ետք երկու իրաւարարները 97-91 արդիւնքով նախապատուութիւնը տուին Մարտիրոսեանին, իսկ երրորդ իրաւարարը տուաւ 95-95:
Նշենք, որ այսպիսով յաղթական հռչակուելով 29 տարեկան Մարտիրոսեան, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին միշտ հանդէս գալով Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ, արձանագրեց իր 36-րդ յաղթանակը: