Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց Լիբանանի ֆութպոլի Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի երթի մրցումներուն ամբողջական յայտագիրը:
Երկու ախոյեանութիւններուն ալ ազդանշանը կը տրուի ուրբաթ, 16 հոկտեմբերին:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին, տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ կիրակի, 18 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալելով Հիլալ Հարեթ Նաամէն:
ՀՄԸՄ երթի իր 11 մրցումներէն 5-ը պիտի կատարէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, 2-ը` Սուրի մէջ, մինչ մէկական մրցում պիտի կատարէ Սայտայի, Ահտի, Թրիփոլիի եւ Զղարթայի դաշտերուն վրայ:
Երթի մրցումները կ՛աւարտին կիրակի, 27 դեկտեմբերին:
ՀՄԸՄ-ի երթի մրցումներուն յայտագիրին կ՛անդրադառնանք յառաջիկային: