Երէկ` ուրբաթ, 11 սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ սկսաւ աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքը:
Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ ճերմակ քարերով կը մրցէր Միհայիլ Վայտենկելերի դէմ (Լիւքսամպուրկ), յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը, երբ յաղթեց իր մրցակիցին` 33-րդ շարժումին:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Հրանդ Մելքումեան` պարտութեան մատնելով Կաթա Քամսքին (Միացեալ Նահանգներ):
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչները` Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան, հաւասարութիւններ արձանագրեցին իրենց մրցակիցներուն հետ: