«Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին աղջկանց աւարտականին, 26-րդ դասուած իտալացի Ֆլաւիա Փեննեթթա, 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր ազգակիցին` Ռոպերթա Վինչիին, տիրացաւ տիտղոսին (անոր առաջին կրան շլեմի տիտղոսը):
33 տարեկան Փեննեթա, որ ստեղծեց այս մրցաշարքին մեծագոյն անանկալը, իր տիտղոսը ստանալէ ետք, իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին այլ մեծ անակնկալ մը մատուցեց, երբ յայտարարեց, որ կը լքէ թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Նշենք, որ ան հանդիսացաւ առաջին իտալացին, որ կը տիրանայ այս մրցաշարքին տիտղոսին:
Կիսաւարտականի մրցումներուն երկու իտալացիները ստեղծած էին մեծ անակնկալներ:
Փեննեթթա 6-1 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց 2-րդ դասուած ռումանացի Սիմոնա Հալեփի, մինչ Վինչի 2-6, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց տիտղոսակիր եւ թիւ 1 դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզին: