Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Պորուսիա Տորթմունտ եւ Պայէրն Միւնիխ արձանագրեցին իրենց չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` ապահովելով առաւելագոյն 12 կէտը:
Տորթմունտ, որ իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ կը գերազանցէ Պայէրնը, 4-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Հանովըր-96-ի դաշտէն:
Տորթմունտի երկրորդ կոլը սքանչելի հարուածով մը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան (35-րդ):
Անոր խմբակից Փիեռ-Էմերիք Օպամէյ նշանակեց 2 կոլ` փենալթիներով:
Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրընկալեց Օկզպուրկը, Ռոպերթ Լեվանտովսքիի (77-րդ) եւ Թոմաս Մէօլըրի (90-րդ` փենալթի-ով) նշանակած կոլերուն շնորհիւ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Օկզպուրկին: