Մարզական

«Մէյճըր Լիկ». Լամփար Նշանակեց Իր Առաջին Կոլը` Նիւ Եորք Սիթիի Հետ

Չելսիի նախկին միջնապահ Ֆրանք Լամփար իր առաջին կոլը նշանակեց «Մէյճըր լիկ»-ի ախոյեանութեան մրցումներուն, երբ անոր կազմը` Նիւ Եորք Սիթի, 2-0 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթոյի, «Եանքի Սթատիում»-ի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին: Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին մարզիկը իր հինգերորդ մրցումը կը կատարէր Նիւ Եորքի հետ: Նշենք, որ Լամփար 37 տարեկան է:  

Վիրաւոր Պէյլ Դաշտերէն Պիտի Բացակայի Անորոշ Ժամանակով

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Կերըթ Պէյլ, որ իր ձախ ծունկը վիրաւորեց երեք օր առաջ Շախտիոր Տոնեցքի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ-լիկ»), անորոշ ժամանակով մը պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Քննութիւններուն արդիւնքները ցոյց տուին, որ անոր ծունկը վնասուած է, մինչ բժիշկները յայտնեցին, որ չեն կրնար ճշգրիտ թուական մը տալ անոր ամբողջական ապաքինման առնչութեամբ: «Լա լիկա»-ի մրցումներուն Ռէալի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Պիպլոս – Ռիատի Պէյրութ 4-րդ Մրցումը

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Այսօր Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Այսօր` հինգշաբթի, 17 սեպտեմբերին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը «Լա Քրեփերի»-ի մէջ (Քասլիք) պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց մարզիկներուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Նշենք, որ Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 23 սեպտեմբերէն 3 հոկտեմբերին` Չինաստանի մէջ:

Ճատրակ.  Պէյրութի Միջազգային 8-րդ Բաց Մրցաշարքը Կը Սկսի Շաբաթ, 19 Սեպտեմբերին

Ճատրակ. Պէյրութի Միջազգային 8-րդ Բաց Մրցաշարքը Կը Սկսի Շաբաթ, 19 Սեպտեմբերին

Հովանաւորութեամբ նախկին նախարար Միշել Էտտէի, հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Նոթրը Տամ-Ֆըրն Շըպպեք վարժարանին, շաբաթ, 19 սեպտեմբերին կը սկսի Պէյրութի միջազգային ճատրակի 8-րդ բաց մրցաշարքը: Այս մրցաշարքը, որ կ՛աւարտի 28 սեպտեմբերին, կը կրէ հանգուցեալ ճատրակ խաղացող Քընիհոյի անունը եւ անոր մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 7 հազար ամերիկեան տոլար: Տիտղոսին տիրացողը կը ստանայ հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ մը: Այս մրցաշարքը...

Կռփամարտ. Աբրահամի Կատարելիք Յաջորդ Մենամարտին Վայրը Եւ Թուականը Յստակացաւ

Իր լուրը քաղելով կռփամարտի Boxingscene.com հանրածանօթ կայքէն, ArmSport.am կը յայտնէ, որ WBO-ի վարկածով 2-րդ միջին կարգի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 21 նոյեմբերին` Հանովըրի մէջ (Գերմանիա): Անոր մրցակիցին անունը ցարդ յստակ չէ: Նշենք, որ նախապէս Աբրահամին մարտահրաւէր ուղարկած էր 50 տարեկան Պեռնարտ Հոփքինզ, մինչ հայ կռփամարտիկը ձեռնոց նետած էր Ֆելիքս Շթուրմի: Նախորդ 19 յուլիսին Արթուր Աբրահամ,...

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Պորուսիա Տորթմունտ – Քրասնոտար

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 17 սեպտեմբերին, կը կատարուին բազմաթիւ ճակատումներ: Այսօր մրցում ունի կատարելիք նաեւ Պորուսիա Տորթմունտ, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Տորթմունտի մրցակիցը պիտի ըլլայ Քրասնոտար: Նշենք, որ այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 20:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Գերմանական ակումբին մաս կազմած Գ. խմբակին մէջ են նաեւ...

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Արոնեան Եւս Հեռացաւ Պաքուէն

Երէկ` չորեքշաբթի, Պաքուի մէջ շարունակուեցաւ ՖԻՏԷ-ի աշխարհի բաժակի մրցաշարքը, որ ինչպէս ծանօթ է, տեղի կ՛ունենայ նաք-աութի դրութեամբ: 2-րդ հանգրուանի թայ-պրէյքի մրցումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան երկու արագ հանդիպումներով (25+10) զիջելով ուքրանացի Ալեքսանտր Արեշչենքոյին (2-0), իր կարգին դուրս մնաց մրցաշարքէն: Այսպիսով, մրցաշարքին մասնակցող Հայաստանի ներկայացուցիչներ չմնացին: Աւելի առաջ Պաքուէն հեռացած էին Գաբրիէլ Սարգսեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան, եզրափակեց ArmSport.am:

ՖԻՖԱ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ. Հայաստան 7 Դիրքով Պիտի Նահանջէ

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, TotalFootball.am յայտնեց, որ ՖԻՖԱ-ն յառաջիկայ 1 հոկտեմբերին պիտի հրապարակէ աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը: Հրապարակուելիք նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 7 դիրքով նահանջելով պիտի գրաւէ 90-րդ դիրքը: Հայրենի կազմը իր տրամադրութեան տակ պիտի ունենայ 377 կէտ: Արժանթին պիտի մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ (1419 կէտ), մինչ Պելճիքա 3-րդ դիրք նահանջելով (1387 կէտ) իր...

Մարատոնա. «Պլեթըրը Գող Է, Իսկ Փլաթինին` Ստախօս»

Իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ, ֆրանսական «լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը անդրադարձաւ արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնայի կատարած մէկ յայտարարութեան, որուն մէջ ան սովորականին նման դարձեալ կարծր արտայայտութիւններ ունեցած է ֆութպոլի ղեկավարներ Սեփ Պլեթըրի եւ Միշել Փլաթինիի հասցէին: Իր յայտարարութեան մէջ Մարատոնա ըսած է. «Պլեթըր ամբողջ աշխարհը գողցաւ: Ան պէտք է բանտարկուի, որովհետեւ գող է: Իսկ ինչ կը վերաբերի Փլաթինիի, ան...

Վարտար Խզեց Իր Պայմանագրութիւնը` Արթուր Միրանեանի Հետ

Մակեդոնական Վարտար խումբը եւ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Միրանեան իրարու հետ իրենց ունեցած համագործակցութիւնը դադրեցուցին, կը յայտնէ ակումբին պաշտօնական կայքը: ArmSport.am յայտնեց, որ Միրանեան նախորդ տարի Վարտարին միացած էր Շախտիոր Տոնեցքի 2-րդ խումբէն: Նշենք, որ Միրանեան Վարտարի հետ դաշտ ներկայացաւ ընդամէնը 12 մրցումի:

2024-ի Ողիմպիական. Թեկնածու Քաղաքներուն Ցանկը

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ 2024-ի ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրեցին հետեւեալ քաղաքները. Լոս Անճելըս, Հռոմ, Փարիզ, Համպուրկ եւ Պուտափեշթ: Այդ ցանկէն դուրս մնացած, բայց իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին նաեւ Պաքու, Թորոնթօ եւ Հնդկաստանի Ահմատապատ քաղաքը:

Ապիտալ Որոշեց Մարզիչ Դառնալ

Պարսելոնայի նախկին յետսապահ Էրիք Ապիտալ որոշեց սկսիլ նոր` մարզիչի ասպարէզին, յայտնեց «Սփորթ» կայքը: Ան արդէն իսկ սկսած է «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի մարզիչի դասընթացքներուն: Սակայն հակառակ ասոր, 36 տարեկան Ապիտալ անմիջապէս չ՛ուզեր գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը ստանձնել: Ան կը յայտնէ, որ ներկայ հանգրուանին կ՛ուզէ գլխաւոր մարզիչի մը օգնականը դառնալ: Նշենք, որ սպանական մամուլին կողմէ տարածուած մէկ լուրին համաձայն, Ապիտալ շատ հաւանաբար...

Հրայր Մկոյեան Վիրաւորուեցաւ

Իրանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին, Իսթիղլալ իր դաշտէն դուրս 2-0 արդիւնքով յաղթեց Կոսթարեշի: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Իսթիղլալի յետսապահ Հրայր Մկոյեան թէեւ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, սակայն ան 22-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, յայտնեց ArmSport.am: Ըստ նախնական տուեալներու, Մկոյեան վնասուածք ստացած է: Անոր ապաքինման մասին ցարդ յստակ տեղեկութիւններ չկան: Իսթիղլալ, որ կատարած է 5 մրցում, այժմ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Արսենալ Եւ Վալենսիա Պարտուեցան

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան ութ ճակատումներ: Չելսի եւ Պայէրն Միւնիխ արձանագրեցին տպաւորիչ յաղթանակներ, մինչ Արսենալ եւ Վալենսիա պարտութիւններ կրեցին: Ա. Էս. Ռոմա - Պարսելոնա մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Ե. ԽՄԲԱԿ Պայէր Լեւերքուզըն - ՊԱԹԷ Պորիսով 4-1 Ա. Էս. Ռոմա - Պարսելոնա 1-1 Զ. ԽՄԲԱԿ Տինամօ Զաղրեպ -...

Ֆիլիփ Լահմ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Աւարտէ 2018-ին

Պայէրն Միւնիխի խմբապետ Ֆիլիփ Լահմ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ 2018-ին վերջ պիտի դնէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Նշենք, որ ան Պայէրն Միւնիխի հետ 277 մրցումի ընթացքին նշանակած է 10 կոլ:

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Սարգսեան Եւ Մելքումեան Լքեցին Պայքարը. Արոնեան Պիտի Խաղայ Թայ-Պրէյք

Երէկ` երեքշաբթի, 15 սեպտեմբերին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցան աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին 1-32-րդ հանգրուանի 2-րդ մրցումները: Լեւոն Արոնեան, որ ճերմակ քարերով մրցեցաւ ուքրանացի Ալեքսանտր Արեշչենքոյի դէմ, առաջին մրցումին նման դարձեալ հաւասարութիւն մը արձանագրեց: Ատիկա պատճառ դարձաւ, որ յաջորդ հանգրուանին մասնակցողին անունը վճռուի թայ-պրէյքով, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր: Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Հրանդ Մելքումեան, որոնք յաջորդաբար պարտուեցան ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ -...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբին 2015-2016 Տարեշրջանի Երթի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբին 2015-2016 Տարեշրջանի Երթի Մրցումներուն Յայտագիրը

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր առաջին մրցումը կը կատարէ Հիլալ Հարեթ Նաամէի դէմ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբին կատարելիք երթի մրցումներուն ամբողջական յայտագիրը, որ հրապարակուեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ. Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԿԻՐԱԿԻ, 18 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ ՀՄԸՄ - Հիլալ Հարեթ Նաամէ 15:30 Պուրճ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Քաղաքի Երկու Խումբերը Պարտուեցան

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան 8 ճակատումներ: Մանչեսթըր քաղաքի երկու խումբերը` Եունայթըտ եւ Սիթի, պարտութեամբ սկսան իրենց մրցումները, մինչ Ռէալ Մատրիտ եղաւ երէկուան մրցումներուն մեծագոյն յաղթականը: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Ա. ԽՄԲԱԿ   Փարիզ Սեն Ժերմեն - Մալմօ 2-0 Ռէալ Մատրիտ - Շախտիոր Տոնեցք 4-0 Բ. ԽՄԲԱԿ   Փ. Ս. Վ....

Հայկական Ֆութպոլ. Յակոբ Տօնոյեանի Անուան Գերբաժակը` 24 Սեպտեմբերին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ 24 սեպտեմբերին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Յակոբ Տօնոյեանի անուան գերբաժակի մրցումը: Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան եւ Հայաստանի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին մասնակցած Միքա Երեւան հինգերորդ անգամ ըլլալով իրարու դէմ յանդիման պիտի գան: 2001-ին, 2003-ին եւ 2006-ին Փիւնիկը տիրացաւ տիտղոսին, իսկ 2005-ին` Միքան: Ֆետերասիոնին այս...

Page 1182 of 1275 1 … 1,181 1,182 1,183 … 1,275

Արխիւներ