Իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ ԱՍ կը տեղեկացնէ, որ Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի յետսապահ Տանիլօ 3-էն 4 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
24 տարեկան Տանիլօ, որ վիրաւոր է, իր մասնակցութիւնը բերաւ Ռէալ Մատրիտի կատարած առաջին երկու մրցումներուն` 2015-2016 տարեշրջանին գծով: