Նախորդ շաբաթավերջին Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) աւարտեցաւ ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին Հայաստանը ներկայացուցին յունահռոմէական ոճի 8 եւ ազատ ոճի 7 ըմբիշներ:
Նախորդ տարի Թաշկենդի մէջ Հայաստանի հաւաքականը 2 ոսկի մետալի տիրացած էր, իսկ այս տարի Արթուր Ալեքսանեանի ոսկի մետալը միակն էր: Նկատի ունենալով, որ այս ախոյեանութիւնը վարկանշային էր, Ալեքսանեան ձեռք ձգեց նաեւ ողիմպիականի տոմս:
Անոր հետ միասին ողիմպիականի տոմս ապահովեցին նաեւ Միհրան Յարութիւնեան եւ Լեւան Պերիանիցէ:
ArmSport.am, որ հրապարակեց այս լուրը, յայտնեց, որ խմբային դասաւորման մէջ Հայաստան Իտալիոյ հետ բաժնեց 11-12-րդ դիրքը:
Նշենք, որ 2013-ի աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Դաւիթ Սաֆարեան, դարձեալ չարդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը: Ան զրկուեցաւ ողիմպիականին մասնակցելէ:
Անոր ճակատագիրին ենթարկուեցաւ նաեւ Թաշկենդի մէջ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Արսէն Ջուլֆալակեան: