Մովսիսեան Վերադարձաւ Ընդհանուր Խումբին Փորձերուն
ArmSport.am լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան Սպարտակ Մոսկուայի ընդհանուր խումբին հետ վերսկսաւ իր փորձերուն` իր ստացած վնասուածքէն ետք առաջին անգամ ըլլալով: Անոր հետ ընդհանուր խումբ վերադարձան նաեւ Ռոմուլօ, Կրանաթ եւ Փրոմես: Ռուսական ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ընդհանուր խումբին միացած վերոնշեալ ֆութպոլիստները միայն չեն մասնակցած կատարուած վերջին փորձին:

