«ՖԻՖԱ»-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր կազմակերպութեան իր աշխատակիցներուն յայտնեց, որ կը շարունակէ իր աշխատանքը իր պաշտօնին մէջ, յայտնեց «Էսոշիէյթըտ Փրես»:
Զուիցերիացին իր այս որոշումը բացատրած է նշելով, որ ինք ոչ մէկ անպարկեշտ կամ անօրինական արարք կատարած է:
Ինչպէս ակնյայտ է, թէեւ ան յառաջիկայ փետրուարին պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն, բայց մինչեւ այդ թուականը ինք մտադիր չէ լքել իր պաշտօնը:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթ Զուիցերիոյ գերագոյն դատարանը «ՖԻՖԱ»-ի նախագահին դէմ դատ բացաւ: