Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը մեկնեցաւ Քուալա Լամփուր (Մալեզիա)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 1-3 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի զտումի մրցաշարքին, որուն արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան այն խումբերը, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ասիոյ 2016-ի ֆութսալի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Ուզպեքիստանի մէջ: