Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Վոլքա, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Զենիթ-2-ը, 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
Թէեւ Զենիթ-2 նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, սակայն միջնապահ Արթուր Մինոսեան նշանակեց իր կազմին` Վոլքայի հաւասարութեան կոլը (39-րդ): Իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Մինոսեան 66-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Նշենք, որ 60-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով, որ բաւական լաւ ներկայացում մը ունեցաւ Վոլքայի կազմին հետ:
Նշենք, որ այժմ Վոլքա 23 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը: