Խրուաթիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Տաւոր Սիւքեր, իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Անթէ Քասիչ նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ` փոխարինելով Նիքօ Քովաքը, որ այս ամսուան սկիզբը պաշտօնանկ եղաւ:
61 տարեկան Քասիչ, որ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ֆետերասիոնին հետ, պիտի փորձէ եւ իր ամէն կարելին պիտի ընէ լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու համար, որպէսզի Խրուաթիա կարենայ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն յաղթանակներ արձանագրել, մանաւանդ որ աւարտականներուն հասնելու Խրուաթիոյ յոյսերը այդքան ալ մեծ չեն:
10 հոկտեմբերին Խրուաթիա (Ը. խմբակ) կը հիւրընկալէ Պուլկարիան, իսկ այդ մրցումէն երեք օր ետք, զտումի իր կատարելիք վերջին մրցումին, հիւրը պիտի ըլլայ Մալթայի:
Նշենք, որ Խրուաթիա այժմ 14 կէտով կը գրաւէ իր խմբակին 3-րդ դիրքը` 4 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքը գրաւող Իտալիայէն: 2-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Նորվեկիա` 16 կէտով: