Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին բժիշկը` Տոնաթօ Վիլանի յայտնեց, որ Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի ակնկալուածէն շուտ պիտի վերադառնայ դաշտերը:
Ան յայտնեց, որ Լաս Փալմասի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Մեսսի, որ ծունկի ծանր վնասուածք ստացաւ, 7-8 շաբաթ ետք արդէն իսկ լաւապէս ապաքինած պիտի ըլլայ եւ մասնակցի Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք «Քլասիքօ»-ի մրցումին: