Փորթոյի բերդապահ Իքեր Քասիաս նախանցեալ օր իր կազմին հետ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ անոր կազմը 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չելսին:
Անկախ արձանագրուած արդիւնքէն, Ռէալ Մատրիտի 34 տարեկան նախկին բերդապահը այս մրցաշարքին գծով նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ կատարեց իր 152-րդ մրցումը, այսպիսով շրջանցելով Պարսելոնայի նախկին միջնապահ Չաւիին (151 մրցում) մրցանիշը:
3-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ռայըն Կիկզ (141):