ArmSport.am լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան Սպարտակ Մոսկուայի ընդհանուր խումբին հետ վերսկսաւ իր փորձերուն` իր ստացած վնասուածքէն ետք առաջին անգամ ըլլալով:
Անոր հետ ընդհանուր խումբ վերադարձան նաեւ Ռոմուլօ, Կրանաթ եւ Փրոմես:
Ռուսական ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ընդհանուր խումբին միացած վերոնշեալ ֆութպոլիստները միայն չեն մասնակցած կատարուած վերջին փորձին: