Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Ֆապիօ Քափելլօ շատ հաւանաբար վերադառնայ Եուվենթուս եւ վերստանձնէ խումբին մարզիչի պաշտօնը, այս մասին կը տեղեկացնէ «Քալչիօ Մերչաթօ»-ն:
Կը հաղորդուի, որ Իտալիոյ ախոյեանը պաշտօնանկ պիտի ընէ Մասիմիլիանօ Ալլեկրին` այս տարեշրջանին խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Նշենք, որ Քափելլօ 2004-էն 2006 եղած է Եուվէի մարզիչը: