«Ռընօ» ընկերութիւնը, որ մտադիր է յառաջիկայ տարեշրջանին դարձեալ վերադառնալ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհ եւ մասնակցիլ ախոյեանութեան, այժմէն իսկ լուրջ պատրաստութիւններ կը տեսնէ այդ գծով:
«Միրըր» կը հաղորդէ, որ վերոնշեալ ընկերութիւնը կազմած է ցանկ մը` իր կազմին միանալիք վարորդներուն գծով: Ցանկը կը գլխաւորէ «Մաքլարըն»-ի այժմու վարորդ Ենսըն Պաթըն:
2009-ին աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Պաթըն այս տարեշրջանին այդքան ալ լաւ արդիւնք չ՛արձանագրեր իր կազմին հետ: Այս պատճառով ալ ընկերութեան նախագահ Ռոն Տենիս կը մտադրէ շուրջ կէսի իջեցնել Պաթընի աշխատավարձը, որ տարեկան կը կազմէ 6 միլիոն սթերլինկ: