Ա. Էս. Ռոմայի խմբապետ Ֆրանչեսքօ Թոթթի, որ նախորդ շաբաթավերջին Քարփիի դէմ տեղի ունեցած «Քալչիօ»-ի մրցումին վիրաւորուեցաւ, 1 ամիսով պիտի բացակայի դաշտերէն, յայտնեց հանրածանօթ «Քորիերէ Տելլօ Սփորթ»-ը:
Նշենք, որ 39 տարեկան Թոթթի վիրաւորուեցաւ մրցումին 55-րդ վայրկեանին: