Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի 28-րդ ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը երէկ կատարեց իր վերջին մրցումը, երբ ճակատեցաւ Յորդանանի դէմ:
Լիբանան 80-76 արդիւնքով յաղթելէ ետք Յորդանանին, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Ան վաղը կը ճակատի Ֆիլիփեան կղզիներուն դէմ: Այսօր` չորեքշաբթի, հանգիստի օր է: