«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով, թէեւ Պարսելոնա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Պայէր Լեւերքուզընը, սակայն ունեցաւ վիրաւոր մը` իր խմբապետը` Անտրես Ինիեսթան, որ վիրաւորելով իր ոտքը 60-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Քաթալոնական ակումբին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ կատարուած քննութիւններէն ի յայտ եկաւ, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստը 4-էն 6 շաբաթով պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ:
Նշենք, որ շաբաթ մը առաջ Պարսա կորսնցուցած էր այլ մարզիկ մը նաեւ` Լիոնել Մեսսին: