
Լիբանանի տղոց փինկ փոնկի ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Փաթայայի մէջ (Թայլանտ) տեղի ունեցող Ասիոյ 22-րդ փինկ փոնկի ախոյեանութեան, իր կատարած հինգ մրցումներուն արձանագրեց 2 յաղթանակ եւ կրեց 3 պարտութիւն:
Լիբանան յաղթեց Նեփալի (3-0) եւ Աֆղանիստանի (3-0), մինչ պարտուեցաւ Իրանէն (3-0), Սէուտական Արաբիայէն (3-0) եւ Ինտոնեզիայէն (3-0):
Հակառակ արձանագրուած այս արդիւնքներուն, Լիբանան ապահովեց աշխարհի ախոյեանութեան իր տոմսը: Վերջինս տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարի` Մալեզիոյ մէջ:
Նշենք, որ Լիբանանի մաս կազմող մարզիկներն են` Ժոզեֆ Շալհուպ, Մոհամետ Հապաշ, Աւօ Մումջողլեան եւ Մոհամետ Համիէ:


