Մարզական

Երեւանի Կիսամարաթոնին Մասնակցեցաւ 4600 Մարդ

Երեւանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ  միջազգային կիսամարաթոնը, որ ներառուած է «Էրեբունի-Երեւան 2797»-ին նուիրուած միջոցառումներու շարքին: Կիսամարաթոնը կը վայելէր Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետութեան, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին եւ Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին հովանաւորութիւնը: Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գ. Ղազարեան անձամբ  պարգեւատրեց կիսամարաթոնին մէջ (21.097 քմ) յաղթանակներ նուաճած տղաքն ու աղջիկները: Մրցումը աւարտած բոլոր մասնակիցները ստացան վազքի...

Ճորքայեֆ. «Երջանիկ Կ՛ըլլայի, Եթէ Գլխաւորէի Հայաստանի Հաւաքականը»

Երեւանի «Փիւնիկ» մարզադաշտին վրայ շաբաթ, 3 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ ֆութպոլի բարեգործական մրցում մը` «Աքպա Քրետիթ Ակրիքոլ» դրամատան եւ Հայաստանի լրագրողներու հաւաքականին միջեւ: Մրցումին մասնակցեցան աշխարհահռչակ ֆրանսահայ ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքայեֆ եւ Հայաստանի հաւաքականի նախկին մարզիչ Վարդան Մինասեան: Մրցումէն ետք Ճորքայեֆ զրուցեց լրագրողներուն հետ: «Հայաստան հասնելուս պէս հիանալի կը զգամ: Հաճելի է, երբ կը տեսնեմ, թէ զիս հոս որքա՛ն կը սիրեն: Այստեղ...

Ծանրաբարձութիւն. Սմբատ Մարգարեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

Լաթվիոյ Քլայպետա քաղաքին մէջ ընթացող ծանրաբարձութեան մինչեւ 23 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցաշարքին մէջ Հայաստանը ներկայացնող Սմբատ Մարգարեան (56 քկ) նուաճեց արծաթէ մետալը` դառնալով Եւրոպայի փոխախոյեան:

Ոչ Եւս Է «Արարատ 73»-ի Խմբապետ Յովհաննէս Զանազանեան

Հայկական ֆութպոլի առասպել, «Արարատ 73»-ի խմբապետ Յովհաննէս Զանազանեան երէկ մահացաւ 68 տարեկանին: Զանազանեան Երեւանի «Արարատ»-ին մաս կազմած է 1966-1971 թուականներուն: Նաեւ մաս կազմած է Խորհրդային Միութեան ազգային եւ ողիմպիական հաւաքականներուն: 1990-1991 տարեշրջանին ստանձնած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին մարզիչի պաշտօնը: Աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք:

Մանչեսթըրի Մէջ Պիտի Կայանայ Պեքհամի Եւ Զիտանի Մասնակցութեամբ Բարեգործական Խաղ

14  նոյեմբերին Մանչեսթըր Եունայթըտի «Օլտ Թրաֆորտ» դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ  բարեգործական մրցում մը: Մրցակից կազմերու խմբապետները պիտի ըլլան Տէյվիտ Պեքհամ եւ Զինետին Զիտան: Պեքհամ պիտի ըլլայ Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի հաւաքականի խմբապետը, իսկ մարզիչը` Ալեքս Ֆըրկըսըսը: Անոնք պիտի մրցին աշխարհի հաւաքականին դէմ, որուն մարզիչը պիտի ըլլայ Քարլօ Անչելոթի: Մրցումին գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Փիերլուչի Քոլինան: Խաղը պիտի կայանայ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հովանաւորութեամբ:...

Հայկական Ֆութպոլ. Սարգիս Յովսէփեան Հրապարակեց Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Կազմը

8 հոկտեմբերին Հայաստանի ազգային հաւաքականը ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը կը կատարէ Ֆրանսայի դէմ` Նիս քաղաքին մէջ: Այս մրցումին պատրաստուելու համար հաւաքականը Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ մարզական հաւաք մը կը կատարէ 5-6 հոկտեմբերին, իսկ 7 հոկտեմբերին կը մեկնի Ֆրանսա: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Սարգիս Յովսէփեան հրապարակեց այն ֆութպոլիստներուն անունները, որոնք կը մասնակցին այդ հաւաքին: Ստորեւ` Հայաստանի կազմը. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.-...

Ասիոյ Ֆութսալի 2016-ի Ախոյեանութեան Զտումի Մրցաշարք. Լիբանան 5-2 Արդիւնքով Յաղթեց Յորդանանի

Երէկ Քուալա Լամփուրի մէջ (Մալեզիա) սկսան Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան այն խումբերը, որոնք կ՛ապահովեն 2016-ի Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը: Ա. խմբակին մաս կազմող Լիբանան, որ երէկ Յորդանանի դէմ կատարեց իր առաջին մրցումը, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 5-2 արդիւնքով: Լիբանան այժմ ապահոված է 3 կէտ, մինչ Սէուտական Արաբիա եւ Պահրէյն` 1-ական կէտ, նկատի ունենալով,...

Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան Պարտուեցաւ Ֆիլիփեան Կղզիներէն Եւ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Լիբանան - Ֆիլիփեան կղզիներ մրցումէն Երէկ Չինաստանի մէջ տեղի ունեցան Ասիոյ պասքեթպոլի 28-րդ ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան այն չորս խումբերը, որոնք ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը: Այդ չորս խումբերը հանդիսացան Չինաստանը, Իրանը, Ճափոնը եւ Ֆիլիփեան կղզիները: Դժբախտաբար մայրիներու խումբը` Լիբանան, դուրս մնաց մրցաշարքէն, երբ 82-70 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ֆիլիփեան կղզիներէն: Լիբանանցի մարզիկներէն Ճէյ Եանկպլատ, Ուաէլ...

Հայրենի Կռփամարտիկները Այսօր Կը Մեկնին Տոհա

Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականը այսօր` ուրբաթ, 2 հոկտեմբերին կը մեկնի Տոհա (Քաթար)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 5-15 հոկտեմբերին: Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ հաւաքականին մաս կը կազմեն Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական խաղերուն մետալակիրները եւ Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան 1-6-րդ դիրքը գրաւած մարզիկները: Տոհա մեկնած կռփամարտիկներն են` Կորիւն Սողոմոնեան (52 քկ),...

Եուրի Ճորքայեֆ` Հայաստանի Մէջ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքայեֆ երէկ այցելեց Հայաստան` մասնակցելու համար երեւանեան առաջին կէսմարաթոնին: «Կու գամ ըսելու, որ շատ սիրայօժար ընդունեցի մեծ ախոյեան Ռոպերթ Էմմիեանին հրաւէրը: Կ՛ուզեմ իմ ներկայութեամբս հաճոյք պատճառել նախ եւ առաջ հանդիսատեսներուն եւ հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին եւ մեր ախոյեանին: Հայաստանի մէջ իմ նկատմամբս միշտ եղած են ջերմ եւ հիւրընկալ», աշխարհի եւ...

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 8 Դիրքով Նահանջեց

ՖԻՖԱ-ի կողմէ հրապարակուած հոկտեմբեր ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 8 դիրքի նահանջ մը արձանագրելով այժմ 377 կէտով կը գրաւէ 91-րդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Արժանթին, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 1419 կէտ: Անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը կը գրաւեն Գերմանիա (1401) եւ Պելճիքա (1387):

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան 4 Դիրքի Յառաջխաղացք Մը Արձանագրեց

ՖԻՏԷ-ի կողմէ հրապարակուած աշխարհի ճատրակի հոկտեմբեր ամսուան նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան 4 դիրքի յառաջխաղացք մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 7-րդ դիրքը: Նախորդ ամսուան հետ բաղդատած, Հայաստանի զօրաւորագոյն ճատրակ խաղացողը ապահովեց լրացուցիչ 19 կէտ` իր վարկանիշը հասցնելով 2784-ի, կը յայտնէ ArmSport.am: Առաջին հարիւրին մէջ են նաեւ հայրենի երկու այլ կրանտմասթըրներ` Գաբրիէլ Սարգսեան (62-րդ, 2679) եւ Սերկէյ Մովսիսեան...

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Նշանակեց Իր Ասպարէզին 500-րդ Կոլը

Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր Մալմօ - Ռէալ Մատրիտ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած մրցումին, փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կերտեց իր կազմին յաղթանակը (2-0)` նշանակելով երկու կոլ: Այսպիսով, վտանգաւոր եւ փորձառու յառաջապահը ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին նշանակեց իր 500-րդ կոլը: Ան Ռէալ Մատրիտի հետ նշանակած է 322 կոլ: Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ 118, Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ`...

Նափոլի Նոր Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Առաջարկէ Հիկուայինին

«Ֆութպոլ Իթալիա» կը յայտնէ, որ Նափոլի աւելի լաւ պայմաններով նոր պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ արժանթինցի իր ֆութպոլիստին` Կոնզալօ Հիկուայինին: Անոր պայմանագրութիւնը իրաւական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ 2018: Սակայն ակումբին պատասխանատուները մտադիր են այդ պայմանագրութեան ժամկէտը երկարաձգել մինչեւ 2019: Ներկայիս ան տարեկան կը ստանայ 5,5 միլիոն եւրօ. նոր պայմանագիրին համաձայն, այդ գումարը պիտի բարձրանայ 6 միլիոն եւրոյի: Նշենք, որ «Քալչիօ»-ի...

Պիւֆոն Գերազանցեց Տել Փիերոն

Եուվենթուսի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն նախանցեալ օր, Սեւիլլայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ լիկ») իր կազմին հետ այս մրցաշարքին գծով դաշտ ներկայացաւ 90-րդ մրցումին: Ան այսպիսով գերազանցեց Եուվէի նախկին ֆութպոլիստ Ալեսանտրօ Տել Փիերոն, որ այս մրցաշարքին գծով կատարած է 89 մրցում: Սակայն ընդհանուր հաշիւով, իտալացիներուն մէջ Պիւֆոն դասուած է 4-րդ, յաջորդաբար Փաուլօ Մալտինիէն (109), Անտրէա Փիրլոյէն (109) եւ Ալեսանտրօ Նեսթայէն (99)...

Տաշեան Եւ Համբարձումեան Կոլեր Նշանակեցին Վարտարի Հետ

Մակեդոնիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, 1-8-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Վարտար 4-1 արդիւնքով յաղթեց Փելսիթերին: Վարտարի կազմէն իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Յովհաննէս Համբարձումեան եւ Արտակ Տաշեան, յաջողեցան կոլեր նշանակել իրենց կազմին հետ: Տաշեան սքանչելի կոլով մը բացաւ մրցումին հաշիւը, մինչ Համբարձումեան, որ Բ. կիսախաղին սկիզբը փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը, կը հաղորդէ ArmSport.am: Երկու կազմերուն...

Թենիս. Գասպարեան Չկրցաւ Հասնիլ Քառորդ Աւարտականին

Ռուսիան ներկայացնող Մարկարիթա Գասպարեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Թաշքենդի թենիսի միջազգային մրցաշարքին, Բ. հանգրուանին ձախողութեան մատնուեցաւ: Ան չկրցաւ հասնիլ քառորդ աւարտականին` նկատի ունենալով, որ 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց գերմանացի Աննալենէ Ֆրիցամէն: Այս մրցումը տեւեց 90 վայրկեան:

Եւրոպայի 2016-ի 17 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Այսօր Հայաստան Կը Կատարէ Իր 2-րդ Մրցումը

Հայաստանի ֆութպոլի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, Եւրոպայի 2016-ի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ այսօր կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` Անգլիոյ դէմ: Հայաստան, որ մաս կը կազմէ Թ. խմբակին, քիչ մը ծանր պարտութեամբ սկսաւ մրցաշարքը, երբ 7-0 արդիւնքով պարտուեցաւ այս խմբակին մրցումները հիւրընկալող Փորթուգալէն: Նշենք, որ Անգլիա իր կարգին իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրեց Սան Մարինոյի դէմ`...

Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  Լիբանան – Ֆիլիփեան Կղզիներ Մրցումը Այսօր` Ժամը 16:30-ին

Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան – Ֆիլիփեան Կղզիներ Մրցումը Այսօր` Ժամը 16:30-ին

Օրուան մը հանգիստէն ետք, այսօր տեղի կ՛ունենան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի 28-րդ ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան այն չորս խումբերուն անունները, որոնք կ՛ապահովեն կիսաւարտականի իրենց տոմսերը: Լիբանանի ազգային խումբը, որ այդ 8 խումբերուն կարգին է, ժամը 16:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) պիտի ճակատի Ֆիլիփեան կղզիներուն դէմ: Այս մրցումին յաղթականը կիսաւարտականին պիտի մրցի Քաթար - Ճափոն մրցումին յաղթականին դէմ:...

«Չեմփիընզ Լիկ». Զօրաւոր Նկատուող Գրեթէ Բոլոր Խումբերն Ալ Յաղթանակ Արձանագրեցին

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, երէկ գիշեր կատարուեցան ութ ճակատումներ: Յիշատակելի անակնկալներ չարձանագրուեցան` նկատի ունենալով, որ գրեթէ բոլոր զօրաւոր խումբերն ալ յաղթանակ արձանագրեցին, թէեւ ոմանք` քիչ մը դժուարութեամբ: Մանչեսթըր քաղաքի երկու խումբերն ալ` Եունայթըտ եւ Սիթի, յաղթեցին գերմանացի իրենց մրցակիցներուն, յաջորդաբար` Վոլֆսպուրկի եւ Մէօնշընկլատպախի, երկուքն ալ` 2-1 արդիւնքով: Միակ անակնկալը ստեղծեց Պենֆիքան, որ Սպանիոյ...

Page 1178 of 1275 1 … 1,177 1,178 1,179 … 1,275

Արխիւներ