Փերուի ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին Ալիանցա Լիմա իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Սփորթ Լորեթոյին:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց հայ յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէոզեան` 64-րդ վայրկեանին: Ան դաշտ ներկայացած էր իր այդ կոլը նշանակելէն երեք վայրկեան առաջ:
ArmSport.am յայտնեց, որ Գեւգէոզեանի համար այս կոլը առաջինն էր` ծանր վնասուածքէն ապաքինելէն ետք:
Այժմ Ալիանցա 7 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը: