Պայէրն Միւնիխի եւ Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Արժեն Ռոպեն շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը չկարենայ բերել այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Պորուսիա Տորթմունտի դէմ կատարուելիք «Պունտըսլիկա»-ի գագաթի ճակատումին, յայտնեց ֆութպոլիստը «Էվերս Սթաաթ Օփ» ձայնասփիւռի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:
Անոր կատարած այս յայտարարութենէն կարճ ատեն մը առաջ կը հաղորդուէր, որ ֆութպոլիստը ապաքինած է իր ստացած վնասուածքէն եւ պիտի կարենայ դաշտ ներկայանալ 4 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք այս մրցումին: