Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5 Կոլ Նշանակեց…

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5 Կոլ Նշանակեց…

Հինգշաբթի գիշեր, Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի Լեռնալիբանանի շրջանի Բ. հանգրուանի իր վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Անսարի դաշտին վրայ կը մրցէր Ռապիթաթ Ուարտանիէ խումբին դէմ: Ուարտանիէ, որ անցեալ տարեշրջանին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի նման աւարտական հանգրուան հասած էր, այս տարի յոյս չունէր եւ հաւանաբար այդ պատճառով... 8 մարզիկներով ներկայացած էր դաշտ: Մրցումը բնականաբար միակողմանի եղաւ եւ կարճ, որովհետեւ 5-0 արդիւնքով յառաջանալէ...

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ – Սանհարիպ

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ – Սանհարիպ

Այսօր ժամը 14:00-ին Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը տարեշրջանի իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Բ. դիրքը գրաւող Սանհարիպ խումբին դէմ: Սանհարիպ, որ Աթլեթիքոյի (առաջին) հետ կը մրցի Պէյրութի շրջանի ախոյեանութեան համար, լուրջ մրցակից մը պիտի ըլլայ, ուր այժմէն կրնանք գիտնալ խումբին մակարդակը, եւ յառաջիկայ տարեշրջանին համար ո՛ր մարզիկները պէտք է մնան կամ հեռանան: Վստահաբար խումբին մէջ կան մեծ թիւով...

Տիոկօ Ժոթա Ոչ Եւս Է

Տիոկօ Ժոթա Ոչ Եւս Է

Լիվըրփուլի եւ Փորթուգալի յառաջապահ Տիոկօ Ժոթա ինքնաշարժի արկածի պատճառով մահացաւ իր կրտսեր եղբօրը հետ, Սպանիոյ մէջ: Արդարեւ, Անտրէ Սիլվա եւ մեծ եղբայրը` Տիոկօ Ժոթա Փալասիոս Տը Սանապրիայի քաղաքապետարանին մօտ մահացու արկած մը ունեցան չորեքշաբթի գիշեր: 25 տարեկան Անտրէ Սիլվա, որ Փորթուգալի Բ. դասակարգի Փենաֆիել խումբի մարզիկ է, իր 28 տարեկան եղբօր հետ Լամպորկինի ինքնաշարժով կ՛ուղղուէին Սանթանտերի օդակայան` մեկնելու համար Լիվըրփուլ,...

Պրեշիա Արհեստավարժ Խումբ Չէ Այլեւս

Պրեշիա Արհեստավարժ Խումբ Չէ Այլեւս

Իտալիոյ հնագոյն ակումբներէն մէկը` Պրեշիա, 114 տարուան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կորսնցուց արհեստավարժ ակումբի կարգավիճակը եւ պաշտօնապէս կը հեռացուի երկրի արհեստավարժ ֆութպոլի ախոյեանութիւններէն: Աւելի կանուխ, ակումբի սեփականատէր Մասիմօ Չելինօ հրաժարած էր ակումբի հաշուոյն փոխանցել 3 միլիոն եւրօ` աշխատակիցներու աշխատավարձերուն պարտքը փակելու համար: Այդ արդիւնքով խումբը սնանկացած նկատուեցաւ եւ անցաւ ոչ արհեստավարժ լիկա: Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս հաստատեց, որ Պրեշիա...

«Էն. Պի. Էյ.»  Այթոն Պիտի Միանայ Լէյքըրզին

«Էն. Պի. Էյ.» Այթոն Պիտի Միանայ Լէյքըրզին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի փոխանցումներու շուկան բացուեցաւ, եւ մեծ թիւով մարզիկներ սկսան միանալ այլ խումբերու: Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի պահամացի սենթըր Տէանտրէ Այթոն միացաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզին: 2,13 մեթր Այթոն, որ 2019-ի լաւագոյն նորեկներու «Օլ Սթար» խումբին մաս կը կազմէր, 2018-էն 2023 Ֆինիքս Սանզի մարզիկ էր եւ 2021-ին օգնած էր, որ Սանզը 1993-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հասնի «Էն. Պի. Էյ.»-ի...

Ֆութպոլի Փոխանցումներու Լուրեր

Ֆութպոլի Փոխանցումներու Լուրեր

Ամառնային փոխանցումներու շուկան պաշտօնապէս բացուեցաւ, եւ ինչպէս միշտ ճիշդ եւ սուտ լուրերն ալ կը տարածուին: Անգլիոյ Պրենթֆորտ ակումբը 5 տարուան պայմանագրութիւն մը կնքեց նետերլանտցի Անթոնի Միլամպոյի հետ: 20 տարեկան Միլամպօ Ֆեյենուրտի հետ արհեստավարժ պայմանագրութիւն ունէր 2021-էն ի վեր` կատարելով 60 մրցումներ, նշանակելով 8 կոլեր: Փոխանցման արժէքն էր 17 միլիոն սթերլինկ փաունտ, առաւել 4,25 միլիոն յաւելեալ պոնիւս: «Քորիերէ Տելլօ Սփորթ» յայտնեց,...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – Սաժես

Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – Սաժես

Այսօր ժամը 21:45-ին, Մանարայի Սաէպ Սալամ մարզադաշտին վրայ Լիբանանի ախոյեան Ռիատի պիտի սկսի աւարտական մրցումներու ճակատումները` Սաժեսի դէմ: 2022-ի սեպտեմբերէն ի վեր Ռիատի եւ Սաժես 9 անգամ իրար դէմ մրցած են ախոյեանութեան գծով, իսկ Ուասլի մրցաշարքին գծով խումբերը մրցած են 8 անգամ: Սաժես Ուասլի գծով 3 ապրիլ 2024-ին 109-106 արդիւնքով կրցած է յաղթել Ռիատիին (յետ երկարաձգման), մինչ ախոյեանութեան գծով Սաժես...

Ըմբշամարտ.  Գասպար Տէրտէրեան` Արծաթէ Մետալակիր

Ըմբշամարտ. Գասպար Տէրտէրեան` Արծաթէ Մետալակիր

Հայաստանի ներկայացուցիչ Գասպար Տէրտէրեան (72 քկ) արծաթէ մետալ շահեցաւ Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու (մինչեւ 20 տարեկան) ախոյեանութեան: Աւարտականին Գասպար Տէրտէրեան լարուած մրցումի մը ընթացքին 4-3 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Վրաստանի ներկայացուցիչ Ալեքսանտրէ Ռասիտաշվիլիէն: Մինչեւ աւարտական Տէրտէրեան յաղթած էր Յունաստանի, Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի ըմբիշներուն, յաջորդաբար 2-1, 9-1 եւ 5-1 արդիւնքով: Հայաստանի ազգային խումբը այս մրցաշարքը աւարտեց երկու...

Բռնցքամարտ.  Պաչքով Կը Մնայ Անյաղթ

Բռնցքամարտ. Պաչքով Կը Մնայ Անյաղթ

Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի խմբապետ Յովհաննէս Պաչքով (63,5 քկ) արհեստավարժ ռինկի վրայ կը շարունակէ մնալ անյաղթ: Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած «Այ. Պի. Էյ. Փրօ-7» ախոյեաններու գիշերուան» մրցաշարքին ան 9-րդ ռաունտին թեքնիք նաք-աութով պարտութեան մատնեց Հարաւային Ափրիկէի բռնցքամարտիկ Խոլիսան Նտոնկենին: Նտոնկենի, որ 40 մրցումներու ընթացքին 33 յաղթանակ արձանագրած էր, կրեց իր 8-րդ պարտութիւնը: 32 տարեկան Պաչքով մենամարտի ընթացքին ցուցադրեց բարձր մակարդակի մրցում,...

Ակումբներու Մոնտիալ.  Այսօր Գիշեր` Ֆլումինենսէ – Հիլալ

Ակումբներու Մոնտիալ. Այսօր Գիշեր` Ֆլումինենսէ – Հիլալ

Ակումբներու մոնտիալը կը շարունակուի այսօր, երբ կը սկսին քառորդ աւարտականի մրցումները` Ֆլումինենսէ - Հիլալ ճակատումով: Երկու խումբերն ալ անակնկալ արդիւնքներ արձանագրելով հասան քառորդ աւարտական, հակառակ անոր որ նախկին մրցաշարքերուն փոխախոյեաններէն էին: Ճիշդ է, որ այս տարի ՖԻՖԱ-ն 32 խումբերու հետ կը կատարէ այս մրցաշարքը, ուր նախապէս ցամաքամասերու ախոյեանները կը մասնակցէին` մասնակիցներուն թիւը հասցնելով առաւելագոյնը 7-ի (հիւրընկալ երկրին հետ): 2022-ին Հիլալ...

«Եու. Էֆ. Սի.»  Իլիա Թոփուրիա Առաջին Դիրքի Վրայ

«Եու. Էֆ. Սի.» Իլիա Թոփուրիա Առաջին Դիրքի Վրայ

Անցեալ շաբաթավերջին «Եու.Էֆ.Սի. 317»-ի գլխաւոր մենամարտին թեթեւ կշիռի տիտղոսին համար մրցումի մը ընթացքին սպանացի Իլիա Թոփուրիա նաք-աութով պարտութեան մատնած էր Չարլզ Օլիվէյրան: 28 տարեկան ծնունդով վրացի Թոփուրիա առաջին ռաունտին նաք-աութի ենթարկած էր Օլիվէյրան` օգտուելով այս վերջինիս սխալէն, դառնալով թեթեւ կշիռի ախոյեան: Կշիռքի դասակարգային փաունտ-ֆոր-փաունտ դասաւորման մէջ, Թոփուրիա գահընկէց ըրաւ Իսլամ Մախաչեւը, որ գրաւեց Բ. դիրքը: Մերապ Տվաշվիլի գրաւեց 3-րդ դիրքը...

Հեծելարշաւ.  Թատէյ Փոկաչար Կը Փորձէ 4-րդ Տիտղոսը Շահիլ Ֆրանսայի Շրջավազքին

Հեծելարշաւ. Թատէյ Փոկաչար Կը Փորձէ 4-րդ Տիտղոսը Շահիլ Ֆրանսայի Շրջավազքին

Շաբաթ օր (վաղը) կը սկսի «Թուր տը Ֆրանս»-ը (Ֆրանսայի շրջավազքը), որ կարեւորագոյն մրցումը կը նկատուի հեծելարշաւի օրացոյցին վրայ: Անցեալ տարուան ախոյեան սլովենիացի Թատէյ Փոկաչար իր 4-րդ տիտղոսի արշաւը կը սկսի վաղը` իր դիրքը ամրապնդելով հեծելարշաւի պատմական անուններու շարքին, մինչ մրցակիցներ Եոնաս Վինկըկաարտ եւ Ռեմքօ Էվենեփուլ կը յուսան տկար կէտեր փնտռել Փոկաչարի մօտ: «Թուր տը Ֆրանս»-ը իր 112-րդ մրցումը կը սկսի...

Պասքեթպոլ.  Սաժես Հասաւ Աւարտական

Պասքեթպոլ. Սաժես Հասաւ Աւարտական

Երեքշաբթի գիշեր Շիյահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ այս տարեշրջանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան կիսաւարտականի 5-րդ եւ վերջին ճակատումը` Պէյրութ Ֆըրսթի եւ Սաժեսի միջեւ: Սաժես կրցաւ մէկ կէտի առաւելութեամբ, յաղթել (78-77) մրցումի մը, որ ծայր աստիճան հետաքրքրական էր: Սաժես շատ լաւ պաշտպանողական խաղ մը կիրարկեց, մինչ Պէյրութ բնաւ նոյն մակարդակը չկրցաւ ցուցաբերել, մանաւանդ որ «պարզ» օտարներով լիբանանցիները աւելի լաւ արդիւնք կը ցուցաբերէին...

Հեծելարշաւ.  Ուեհպէ, Հաննուշ Եւ Խալիֆէ` Ժամացոյցի Դէմ Մրցումի Ախոյեաններ

Հեծելարշաւ. Ուեհպէ, Հաննուշ Եւ Խալիֆէ` Ժամացոյցի Դէմ Մրցումի Ախոյեաններ

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը կազմակերպեց ժամացոյցի դէմ 2025-ի Լիբանանի ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ կիրակի, Պէյրութի գետին մօտ, «Տեպպաս» ընկերութեան առջեւէն մինչեւ «Ալֆա-Շեւրոլէ» խաչմերուկ, ապա վերադառնալով Քարանթինա երթուդարձի դրութեամբ: Այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 55 վարորդներ, որոնք մաս կը կազմէին ֆետերասիոնի ակումբներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու մարզիկներուն: Մրցումը բաժնուած էր երկու դասակարգերու, ընտրանիի` «Էլիթ» վարորդներու դասակարգի մրցում,...

Ըմբշամարտ.  Գասպար Տէրտէրեան Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին

Ըմբշամարտ. Գասպար Տէրտէրեան Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Գասպար Տէրտէրեան (72 քկ) հասաւ Եւրոպայի երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան աւարտական` յաղթելէ ետք ազրպէյճանցի Սէյմուր Կասիմովին 5-1 արդիւնքով: Քառորդ աւարտականին Գասպար Տէրտէրեան պարտութեան մատնած էր յոյն Արիոնա Գոլիցոփուլոսին (2-1), իսկ աւելի առաջ` հունգարացի Պենտեկուզ (Ֆելքային (9-1) Աւարտականին Գասպար Տէրտէրեան պիտի մրցի Վրաստանի ներկայացուցիչ Ալեքսանտրէ Ռուսիթաշվիլիի դէմ: Ախոյեանութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ Իտալիոյ Գաորլէ քաղաքին մէջ, միայն...

Ակումբներու Մոնտիալ.  Ռէալ Մատրիտ Եւ Տորթմունտ Ամբողջացուցին  Քառորդ Աւարտականի Ճակատումները

Ակումբներու Մոնտիալ. Ռէալ Մատրիտ Եւ Տորթմունտ Ամբողջացուցին Քառորդ Աւարտականի Ճակատումները

Երեքշաբթի գիշեր եւ երէկ առաւօտեան ժամերուն վերջ գտաւ ակումբներու մոնտիալի Բ. հանգրուանը, որուն աւարտին ի յայտ եկան քառորդ աւարտական հասնող վերջին երկու խումբերը: Սպասուած մրցումին, Ռէալ Մատրիտ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եուվենթուսը: Եուվէ լաւ սկսաւ մրցումի առաջին կիսախաղը, բայց Ռէալ հետզհետէ սկսաւ առնել մրցումին ղեկը: Անցեալ տարի Մոնցայէն փոխանցուած իտալացի բերդապահ Միքելէ Տի Կրեկորիօ բազմիցս զսպեց Եուվէի բերդին ուղղուած հարուածները:...

Թենիս.  Ուիմպըլտընի Անակնկալները  Կը Շարունակուին

Թենիս. Ուիմպըլտընի Անակնկալները Կը Շարունակուին

Ուիմպըլտընի թենիսի մրցաշարքը կը շարունակուի անակնկալներով. տղոց մրցումներուն, Մետվետեւի եւ Ռունէի պարտութիւններէն ետք, թիւ 3 թենիսմէն Ալեքսանտր Զվերեւ 4 ժամ 45 վայրկեան մրցումէ ետք պարտութիւն մը կրեց ֆրանսացի Արթիւր Ռենտըրնեշէն (թիւ 72) 7-6, 6-7, 6-3, 6-7 եւ 6-4 արդիւնքով եւ դուրս մնաց: Դուրս մնաց նաեւ իտալացի Լորենցօ Միւզեթթի (թիւ 7), որ մեծ անակնկալով մը պարտուեցաւ վրացի թենիսմեն Նիքոլոշ Պասիլաշվիլիէն (թիւ...

Բռնցքամարտ.  Հայաստանի Հաւաքականէն 5 Անդամներ` Ոսկի Մետալակիր

Բռնցքամարտ. Հայաստանի Հաւաքականէն 5 Անդամներ` Ոսկի Մետալակիր

Վրաստանի մէջ վերջ գտաւ բռնցքամարտի միջազգային մրցաշարքը: Ըստ «Արմենփրես»-ի, «Իրակլի Ապաշիծէ»-ի անուան միջազգային մրցաշարքին Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականը 5 ոսկի, 3 արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալներ ձեռք ձգեց: Աւարտականին յաղթանակներ արձանագրեցին 55 քկ կշիռի Ռուսլան Ասլիկեան, 60 քկ կշիռի Արթուր Սահակեան, 65 քկ կշիռի Նարեկ Յովհաննիսեան, 85 քկ կշիռի Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան եւ 90 քկ կշիռի Նորեկ Մանասեան: Ժիրայր Սարգսեան, Արթուր Շահպազեան...

Թենիս.  Խաչանով Յաղթանակով  Սկսաւ Ուիմպըլտընը

Թենիս. Խաչանով Յաղթանակով Սկսաւ Ուիմպըլտընը

Երկուշաբթի օր Անգլիոյ մէջ սկսաւ թենիսի օրացոյցի ամէնէն կարեւոր կրան շլեմի մրցաշարքը` Ուիմպըլտընի բաց մրցաշարքը: Ուիմպըլտըն, որ խոտով ծածկուած դաշտի վրայ տեղի կ՛ունենայ, կը նկատուի ամէնէն հին մրցաշարքը, որ 148 տարի առաջ սկսած է (1877-ին): Զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր 8 անգամ շահելով մրցանշակիրն է տղոց անհատական մրցումներուն, մինչ Մարթինա Նաւրաթիլովա 9 անգամ կրցած է շահիլ այս մրցաշարքը` աղջկանց մրցանիշ արձանագրելով: Ռուսահայ...

Ակումբներու Մոնտիալ.  Ինթեր Միլան Եւ Մանչեսթըր  Սիթի Դուրս Մնացին

Ակումբներու Մոնտիալ. Ինթեր Միլան Եւ Մանչեսթըր Սիթի Դուրս Մնացին

Միացեալ Նահանգներու մէջ կը շարունակուի ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած ակումբներու մոնտիալը, որ հետզհետէ հետաքրքրական սկսաւ դառնալ: Արդարեւ, վերջին երկու մրցումներուն անակնկալներ պատահեցան, երբ եւրոպական ակումբներ Ինթեր Միլան եւ Մանչեսթըր Սիթի անակնկալ պարտութիւններ կրեցին: Ինթեր Միլան, որ կը մրցէր պրազիլական Ֆլումինենսէ ակումբին դէմ, լաւ չսկսաւ մրցումը եւ 3-րդ վայրկեանէն իսկ կոլ մը ստացաւ Չարլոթի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, ուր 20 հազար հանդիսատեսներ...

Page 112 of 1275 1 … 111 112 113 … 1,275

Արխիւներ