Ակումբներու մոնտիալը կը շարունակուի այսօր, երբ կը սկսին քառորդ աւարտականի մրցումները` Ֆլումինենսէ – Հիլալ ճակատումով:
Երկու խումբերն ալ անակնկալ արդիւնքներ արձանագրելով հասան քառորդ աւարտական, հակառակ անոր որ նախկին մրցաշարքերուն փոխախոյեաններէն էին:
Ճիշդ է, որ այս տարի ՖԻՖԱ-ն 32 խումբերու հետ կը կատարէ այս մրցաշարքը, ուր նախապէս ցամաքամասերու ախոյեանները կը մասնակցէին` մասնակիցներուն թիւը հասցնելով առաւելագոյնը 7-ի (հիւրընկալ երկրին հետ):
2022-ին Հիլալ փոխախոյեան դարձած էր (ախոյեան Ռէալի ետին), իսկ 2023-ին Ֆլումինենսէ փոխախոյեան էր (Մանչեսթըր Սիթիի ետին):
Ֆլումինենսէ այժմ 10 մրցումներէ ի վեր կը մնայ` անյաղթ կը մնայ` յաղթելով 7 մրցումներու, առանց որեւէ կոլ ստանալու վերջին 6 մրցումներէն 5-ին, դուրս ձգելով «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական հասած Ինթեր Միլանը (2-0) եւ դրական արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրելով Տորթմունտի դէմ (0-0), որ քառորդ աւարտական հասաւ իր կարգին:
Հիլալ Ասիոյ գլուխը բարձր կը պահէ` դառնալով առաջին խումբը (Ասիայէն), որ պարտութեան կը մատնէ եւրոպական խումբ մը, Բ. հանգրուանին դուրս ձգելէ ետք տիտղոսակիր Մանչեսթըր Սիթին (4-3): Հիլալ իր կարգին 9 մրցումներէ ի վեր անյաղթ է (յաղթելով` 6-ին) եւ նշանակած 23 կոլ: Դաշտին հակառակ կողմը, բերդապահ Եասին Պոնօ, առիթներուն 85 տոկոսը կը զսպէ եւ անմոռանալի ելոյթներ կ՛ունենայ:
Առաջին անգամ ըլլալով զոյգ խումբերը իրար դէմ պիտի մրցին, հակառակ անոր որ Հիլալ 2019-ին պարտութիւն կրած էր պրազիլեան խումբէ մը` Ֆլամենկոյէն, իսկ 3 տարի ետք յաղթած անոնց 2022-ի կիսաւարտականին:
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Օրլանտոյի (Ֆլորիտա) մէջ, ուր Սիմոնէ Ինցակիի Հիլալը բարձր թաքթիքով ֆութպոլ կը խաղայ ընդդէմ Ֆեռնանտօ Տինիսի: Տինիսի խումբին մաս կը կազմեն 44 տարեկան բերդապահ Ֆապիոն, 40 տարեկան Թիակօ Սիլվան, 35 տարեկան Սամուէլ Խաւիէն, ինչպէս նաեւ 37 տարեկան յառաջապահ Ժերման Քանոն, որ Ինթերի դէմ կոլ նշանակեց:
Հիլալի կոլերը նշանակեցին աւելի պրազիլցի մարզիկներ (4), քան Ֆլումինենսէի պարագային (3):
Այս մրցումէն մօտ 4 ժամ ետք, առաւօտեան ժամը 4:00-ին, այլ պրազիլեան ակումբ մը` Փալմէյրաս, պիտի մրցի Լոնտոնի Չելսիի դէմ, Ֆիլատելֆիոյ դէմ:
Վաղը, ժաը 7:00-ին, Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի մրցի Պայերն Միւնիխի դէմ Աթլանթայի «Մերսետես-Պենց Սթատիում»-ի դաշտին վրայ:
Ռէալ Մատրիտ ժամը 11:00-ին Նիւ Ճըրզիի մէջ պիտի մրցի Տորթմունտի դէմ: