Շաբաթ օր (վաղը) կը սկսի «Թուր տը Ֆրանս»-ը (Ֆրանսայի շրջավազքը), որ կարեւորագոյն մրցումը կը նկատուի հեծելարշաւի օրացոյցին վրայ:
Անցեալ տարուան ախոյեան սլովենիացի Թատէյ Փոկաչար իր 4-րդ տիտղոսի արշաւը կը սկսի վաղը` իր դիրքը ամրապնդելով հեծելարշաւի պատմական անուններու շարքին, մինչ մրցակիցներ Եոնաս Վինկըկաարտ եւ Ռեմքօ Էվենեփուլ կը յուսան տկար կէտեր փնտռել Փոկաչարի մօտ:
«Թուր տը Ֆրանս»-ը իր 112-րդ մրցումը կը սկսի վաղը Լիլի շրջանէն, ուր սլովենիացի Փոկաչար, որ 2020-ին, 2021-ին եւ 2024-ին կրցած էր շահիլ, պիտի փորձէ 4 անգամ շահող բրիտանացի Քրիս Ֆրումին հաւասարիլ, պատմական մարզիկներու կողքին:
Ատիկա աւելի պիտի մօտեցնէ զինք 5 անգամ ախոյեան դարձած Պեռնար Հինոյի, Ժաք Անգըթիյի, Էտի Մերքսի եւ Միկել Ինտուրայնի մրցանիշներուն:
26 տարեկան աշխարհի ախոյեանը գարնան շատ լաւ ելոյթներ ունեցաւ` շահելով «Թուր օֆ Ֆլանտըրզ»-ը, Լիեժ-Պասթոնյէ-Լիեժ մրցումը, ինչպէս նաեւ փոտիում բարձրացաւ Միլան-Սան Ռեմօ եւ Փարիս-Ռուպէ մրցումներուն` ցուցադրելով բարձր մակարդակ, ուր զինք սկսան նմանցնել Մերքսի եւ Հինոյի:
Փոկաչարի գերակայութիւնը շարունակուեցաւ անցեալ ամսուան «Քրիթերիում տիւ Տոֆին» մրցումին, ուր երեք հանգրուաներ շահեցաւ եւ ընդհանուր մրցումը շահեցաւ 55 երկվայրկեանի տարբերութեամբ` երկու անգամ «Թուր տը Ֆրանս»-ի ախոյեան Եոնաս Վինկըկաարտի վրայ: Վինկըկաարտ, որ իր սերունդի լաւագոյն մագլցողներէն մէկը կը նկատուի, 2022-ին եւ 2023-ին շահած էր «Թուր տը Ֆրանս»-ը:
«Վստահաբար ասիկա տրամադրութիւնս կը բարձրացնէ եւ ինքնավստահութիւն կու տայ յաղթելու «Թուր տը Ֆրանս»-ին, ինչ որ թիւ 1 նպատակս է այս տարի: Կը կարծեմ, որ խումբին համար ալ բարոյական մեծ մղում պիտի ունենայ այս յաղթանակը», ըսաւ Փոկաչար:
Փոկաչարի միակ խոցելի կէտը «Տոֆին»-ի ժամացոյցի դէմ մրցումն էր, ուր 48 երկվայրկեան կորսնցուց ի նպաստ Էվենեփուլի, եւ 28` ի նպաստ Վինկըկաարտի: Ասիկա կրնայ տկար կէտ ըլլալ «Թուր տը Ֆրանս»-ի համար, ուր ժամացոյցի դէմ 2 մրցումներ կան:
Դանիացի Վինկըկաարտ շատ աւելի լաւ կը պատրաստուի, քան անցեալ տարի: Ան նոր վերադարձած է` լրջօրէն վիրաւորուելէ ետք: Ան պիտի փորձէ վերստին ախոյեան դառնալ` 6 վայրկեանով ետ մնալէ ետք անցեալ տարի:
28 տարեկան Վինկըկաարտ մարտին արկած մը ունեցած էր Փարիզ-Նիս մրցումին, բայց ինքզինք վերագտաւ եւ «Տոֆին»-ի մէջ 2-րդ դիրքը գրաւեց:
Վինկըկաարտ զօրաւոր խմբակիցներ ունի Վիսմա-Լիզի մէջ 2-րդ դիրքը գրաւեց:
Վինկըկաարտ զօրաւոր խմբակիցներ ունի Վիսմա-Լիզի հետ, ուր «Ժերօ տ՛Իթալիա»-ի ախոյեան Սայմըն Եյթս, 2023-ի «Վուելթա Էսփանիա»-ի ախոյեան Զեփ Քուս, «Փարիզ-Նիս»-ի երկու անգամ ախոյեան Մաթէօ Եորկընսոն եւ փորձառու Վաութ Վան Այերթ ներկայ են:
Պելճիքացի Էվենեփուլ, որ «Թուր տը Ֆրանս»-ի իր առաջին ելոյթին անցեալ տարի 3-րդ դիրքը գրաւեց, վիրաբուժութեան ենթարկուած էր անցեալ դեկտեմբերին` փորձի պահուն ծանր արկած ունենալէ ետք: Երկու անգամ Ողիմպիականի ախոյեանը լաւ ձեւով վերադարձաւ` շահելով ապրիլի Պրապանթսէ Փայլ մրցումը, եւ «Սուտալ Քուիք-Սթեփ»-ի խումբի մարզիկը 4-րդ դիրքը գրաւեց «Տոֆին»-ի մէջ 4 վայրկեանով ետ մնալով Փոկաչարէն:
Գերմանացի Ֆլորիան Լիփովից «սեւ ձի» կը նկատուի Փարիզ-Նիս մրցումին 2-րդ դիրքը գրաւելէ ետք, ինչպէս նաեւ 3-րդ դիրքը` Տոֆին»-ի մէջ:
«Թուր տը Ֆրանս»-ը 3,3380.8 քմ երկարութիւն ունի, ուր 52.500 մեթր մագլցելիք ճամբաներ կան 21 հանգրուաններու բաժնուած, ան կը նկատուի, ինչպէս նշեցինք հեծելարշաւի ամէնէն դժուար մրցումը: