Երեքշաբթի գիշեր Շիյահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ այս տարեշրջանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան կիսաւարտականի 5-րդ եւ վերջին ճակատումը` Պէյրութ Ֆըրսթի եւ Սաժեսի միջեւ:
Սաժես կրցաւ մէկ կէտի առաւելութեամբ, յաղթել (78-77) մրցումի մը, որ ծայր աստիճան հետաքրքրական էր:
Սաժես շատ լաւ պաշտպանողական խաղ մը կիրարկեց, մինչ Պէյրութ բնաւ նոյն մակարդակը չկրցաւ ցուցաբերել, մանաւանդ որ «պարզ» օտարներով լիբանանցիները աւելի լաւ արդիւնք կը ցուցաբերէին ամբողջ տարեշրջանին:
Ճիշդ այդ պատճառով ալ Պրայըն Հալըմզ, Ռիքի Լետօ, Մայքըզ Ֆրէյզըր, Տենկ Տենկ, Քուինսի Միլըր, Թոնի Ֆարմըր եւ Քենեթ Քաճի փոխարինուած էին (տարեշրջանի ընթացքին Ռիչըրտ Սոլոմոնի, Թոմաս Ուիմպուշի եւ Ճօ Եանկի վստահուած էր խումբը:
Լիբանանի լաւագոյն մարզիկներէն Սերժիօ Տարուիշ, Ալի Մըզհեր, Ալի Մահմուտ, Մարք Խուրի եւ Ալի Հայտար չկրցան իրենց վրայ դրուած յոյսերը իրականացնել:
Սաժես, որ իր կարգին շատ օտար մարզիկներ փորձած էր Զաք Լոֆթընի, Շապազ Մոհամետի, Քէյրի Լալէյնի, Արթեր Մաժոքի, Ռատուան Սլիմենի, Ճոնի Օ՛պրայընթի, Մաքլըլմ Թոմասի եւ Թարիք Օուընզի նման, ի վերջոյ ձեռք ձգած էր Սթեֆան Մուտին, Սեքու Տումպույան եւ Մարթին Քրամփելը: Աւելի՛ն, տարեշրջանի սկիզբէն Ահմետ Իպրահիմ լքած էր խումբը` նախկին մարզիչ Իլիաս Զորոսի հետ անհամաձայնութեան պատճառով:
Սաժես, որ ինչպէս նշեցինք յոյն մարզիչ Իլիաս Զորոսն ալ փոխարինած էր կիպրացի-յոյն Լինու Կաւրիելի հետ, քիչ մը աւելի կայունութիւն ունեցաւ իր նոր մարզիչին հետ, իսկ այս տարեշրջանին սկիզբը խումբին միացած Ժերար Հատիտեան եւ Ժատ Խալիլ կրցան վերջապէս ինքնավստահ խաղալ:
Վերջին ճակատումին աստղն էր Օմար Ժամալէտտին, որ 31 կէտ նշանակեց, մինչ Սեքու Տոմպույա 13 կէտ կրցաւ նշանակել միայն: Ժերար 11 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Սերժիօ Տարուիշ Պէյրութի լաւագոյն մարզիկն էր 24 եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգելով, բայց Պէյրութ շատ թըրնօվըրներ կատարեց եւ առիթ տուաւ Սաժեսին, որ յաղթէ:
Մրցումը ընդհանրապէս եղաւ ի նպաստ Սաժեսի, որ աւարտէն մօտ 4,27 վայրկեան առաջ 12 կէտի առաւելութիւն ունէր (64-76):
Ճօ Եանկի (2) եւ Թոմաս Ուիմպուշի յաջող 3 կէտնոց կողովները արդիւնքը մօտեցուցին վերջին 2 վայրկեաններուն (73-76):
Ալի Մըզհերի 2 ազատ հարուածները 1-ի նուազեցուցին տարբերութիւնը, երբ 43 երկվայրկեան կար աւարտին, ապա Օմար Ժամալէտտին ազատ հարուածներէն մէկը նշանակեց, մինչ Սերժիօ Տարուիշ աւարտէն 7 երկվայրկեան առաջ 77-77-ի վերածեց արդիւնքը:
Կրնանք ըսել, որ այս 7 երկվայրկեանները տեւեցին մօտ 5 վայրկեան, ուր իրաւարարները քանի մը անգամ կրկնութիւնները դիտեցին ամէն ֆաուլի կամ նոյնիսկ աութի վիճելի պահերուն: Նոյնիսկ Ժամալէտտինի ազատ հարուածը, որ 1 կէտի առաւելութիւն տուաւ ի նպաստ Սաժեսի (6 երկվայրկեան մնացած) կրնար յաղթանակի վերածուիլ ի նպաստ Պէյրութի, եթէ Ալի Հայտար քիչ մը աւելի արագ ըլլար:
Արդարեւ, Սերժիօ Տարուիշի ռիպաունտէն ետք գնդակը հասաւ Ալի Հայտարին, որ նշանակեց կողովը մրցումի աւարտի սուլիչի պահուն: Անգամ մը եւս դիմուեցաւ դէպքին կրկնութեան, ուր իրաւարարները քանի մը անգամ դիտելէ ետք վճռեցին, թէ Պէյրութի կողովը նշանակուած էր մրցումի աւարտէն ետք:
Այսպիսով, Սաժես հասաւ աւարտական, ուր պիտի մրցի Ռիատիի դէմ` «Պէյրութի տերպ»-ին կրկնելով:
Այս տարեշրջանին Սաժես ո՛չ Լիբանանի բնական ախոյեանութեան, ո՛լ ալ Ուասլի մրցաշարքին կրցաւ յաղթել Ռիատիին, բայց պէտք է ըսել, որ Սաժես բաւական հաւասարակշռուեցաւ վերջերս եւ կրնայ դժուարութեան մատնել ախոյեան Ռիատին, որմէ պիտի բացակայի Ուաէլ Արաքժին, մինչ Ամիր Սէուտ կրնայ վերադառնալ վանդակի ոսկորի վնասուածքէն ապաքինելէ ետք:
Աւարտական ճակատումները կը սկսին վաղը, ուր Ռիատի իր դաշտին վրայ սկսելու առաւելութիւնը ունի, մանաւանդ որ բնական տարեշրջանի լաւագոյն խումբն էր: 4 յաղթանակ արձանագրող խումբը պիտի դառնայ Լիբանանի ախոյեան, բան մը, որ Սաժես 2004-էն ի վեր չէ կրցած դառնալ: