Միացեալ Նահանգներու մէջ կը շարունակուի ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած ակումբներու մոնտիալը, որ հետզհետէ հետաքրքրական սկսաւ դառնալ:
Արդարեւ, վերջին երկու մրցումներուն անակնկալներ պատահեցան, երբ եւրոպական ակումբներ Ինթեր Միլան եւ Մանչեսթըր Սիթի անակնկալ պարտութիւններ կրեցին:
Ինթեր Միլան, որ կը մրցէր պրազիլական Ֆլումինենսէ ակումբին դէմ, լաւ չսկսաւ մրցումը եւ 3-րդ վայրկեանէն իսկ կոլ մը ստացաւ Չարլոթի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, ուր 20 հազար հանդիսատեսներ կային միայն:
37 տարեկան վեթերան յառաջապահ Ժերման Քանօ գլխու հարուածով նշանակեց Ֆլումինենսէի եւ մրցումին առաջին կոլը: Ինթեր փորձեց փոխադարձել, երբ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցումէն օգտուելով Ֆետերիքօ Տիմարքօ ռմբային հարուած մը տուաւ, զոր սակայն զսպեց 44 տարեկան բերդապահ Ֆապիոն:
Գլխաւորութեամբ պրազիլցի կեդրոնի յետսապահ Թիակօ Սիլվայի (40 տարեկան), Ֆլումինենսէ կրցաւ զսպել Ինթերի յարձակումները եւ կոլ մըն ալ նշանակեց կիսախաղէն առաջ, սակայն օֆ-սայտի պատճառով ՎԱՐ չվաւերացուց զայն:
Բ. կիսախաղին վերջին վայրկեաններուն Ինթեր ճնշեց եւ Լաութարօ Մարթինեսի միջոցով առիթներ ալ ստեղծեց, բայց մէկ կողմէ Ֆապիօ, միւս կողմէ Ֆապիոյի բերդին սիւնը եւ ձողը դէմ կեցան, որ Ինթեր կոլ մը նշանակէ: 93-րդ վայրկեանին, երբ Ինթեր խմբովին կը յարձակէր հաւասարելու, Հերքուլիս ռմբային հարուածով մը նշանակեց Ֆլումինենսէի երկրորդ եւ մրցումի վերջին կոլը:
Յաջորդ մրցումին, երէկ առաւօտեան ժամերուն, Օրլանտոյի դաշտին վրայ, Անգլիոյ վերջին տարիներու լաւագոյն խումբը` Մանչեսթըր Սիթի, անակնկալ, բայց արդար պարտութիւն մը կրեց Սէուտական Արաբիոյ Հիլալ խումբէն:
Օրուան իրաւարար Խեսուս Վալենսուելա (Վենեզուելա) կը նմանէր Լիբանանի պասքեթպոլի իրաւարարներուն, որոնք դիտելէ ետք սխալի մը կրկնութիւնը, իրենց որոշումը չէին փոխեր:
Արդարեւ, 9-րդ վայրկեանին Սիթի կոլ մը նշանակեց Պեռնարտօ Սիլվայի շնորհիւ, բայց գնդակը իրեն չհասած դպած էր Կիւնտողանի ձեռքին… բան մը, որուն կարեւորութիւն չտուաւ Վալենսուելա:
Սիմոնէ Ինցակիի (Հիլալի նոր մարզիչը) խումբը գանգատեցաւ, բայց բան չփոխուեցաւ: Հիլալ յարձակումի անցաւ, բայց առաջին կիսախաղին Էտերսոնի բերդին վրայ լուրջ յարձակում չարձանագրուեցաւ, մինչ մարոքցի Եասին Պոնօ առնուազն 6 ստոյգ առիթներէ փրկեց Հիլալի բերդը:
Բ. կիսախաղին Հիլալ շատ աւելի լաւ էր եւ կանուխ կոլ ալ նշանակեց Մարքոս Լէոնարտոյի գլխու հարուածին շնորհիւ:
52-րդ վայրկեանին Ժոաօ Քանսելօ փոխանցեց Մալքոմին եւ մեծ քառակուսիին անկիւնէն ռմբային հարուածով մը նշանակեց Հիլալի երկրորդ կոլը:
3 վայրկեան ետք, նորվեկիացի կոլ-սքորըր Էրլինկ Հաալանտ նշանակեց Սիթիի հաւասարութեան կոլը: 87-րդ վայրկեանին Հաալանտ առիթ ունէր յաղթանակի կոլը նշանակելու, բայց զսպուեցաւ:
Դիմուեցաւ երկարաձգման: 94-րդ վայրկեանին քոռնըրի մը վրայ Քալիտու Քուլիպալի գլխու անզսպելի հարուածով նշանակեց Հիլալի 3-րդ կոլը:
104-րդ վայրկեանին, Ֆիլ Ֆոտըն, որ 4 վայրկեան առաջ փոխարինած էր Ռոտրին, նշանակեց Սիթիի հաւասարութեան կոլը:
112-րդ վայրկեանին գնդակը հասաւ Մարքոս Լէոնարտոյին, որ նշանակեց Հիլալի 4-րդ կոլը` դուրս ձգելով Մանչեսթըր Սիթին:
Հիլալ քառորդ աւարտականին պիտի մրցի Ֆլումինենսէի դէմ: Նշենք, որ Հիլալ իր առաջին մրցումին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրած էր Ռէալ Մատրիտի հետ, ապա Զալցպուրկի հետ (0-0), եւ 2-0 արդիւնքով յաղթած Փաչուքային: