Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – Սաժես

July 4, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր ժամը 21:45-ին, Մանարայի Սաէպ Սալամ մարզադաշտին վրայ Լիբանանի ախոյեան Ռիատի պիտի սկսի աւարտական մրցումներու ճակատումները` Սաժեսի դէմ:

2022-ի սեպտեմբերէն ի վեր Ռիատի եւ Սաժես 9 անգամ իրար դէմ մրցած են ախոյեանութեան գծով, իսկ Ուասլի մրցաշարքին գծով խումբերը մրցած են 8 անգամ:

Սաժես Ուասլի գծով 3 ապրիլ 2024-ին 109-106 արդիւնքով կրցած է յաղթել Ռիատիին (յետ երկարաձգման), մինչ ախոյեանութեան գծով Սաժես 15 մայիս 2024-ին կրցած է 1 կէտի առաւելութեամբ յաղթել Ռիատիին:

Ռիատիի գերակայութիւնը շատ յստակ է` յաղթելով մնացեալ բոլոր մրցումները: Միայն այս տարի եւ 3 ամսուան ժամանակաշրջանին 8 մարտէն 18 յունիս խումբերը մրցած են 5 անգամ, որոնք բոլորն ալ աւարտած են Ռիատիի յաղթանակով (3 մրցում Ուասլի գծով եւ 2` ախոյեանութեան):

Առնուազն 4 մրցումներ եւս պիտի խաղցուին մինչեւ յառաջիկայ չորեքշաբթի, եւ շարքը կրնայ երկարիլ մինչեւ առաւելագոյնը 15 յուլիս, երբ պիտի կատարուի 7-րդ ճակատումը, եթէ անշուշտ ճակատումները 3-3 արդիւնքի հասնին:

Ռիատի մեծ մասամբ վստահած է ամբողջական խմբային խաղի, ուր 8 մարզիկներ կը մասնակցին գրեթէ հաւասարապէս, նոյնիսկ առանց Ուաէլ Արաքժիի եւ Ամիր Սէուտի, որ կրնայ վերադառնալ` ամիս մը առաջ վիրաւորուելէ ետք:

Մէկ կողմէ Թոն Մէյքըր, Մարքոս Հանթ, Ալի Մանսուր, Հայկ Կէօքճեան, Քարիմ Զէյնուն, Իսմայիլ Ահմետ, Քերոն Տըշիլտս, Պիլալ Թապպարա, իսկ միւս կողմէ Սաժես եւ իր մարզիկները` Օմար Ժամալէտտին, Սթեֆան Մուտի, Սեքու Տումպույա, Ժիրար Հատիտեան, Մարք Խուէյրի (Պոպօ), Ժատ Խալիլ, Մարթին Քրամփել եւ Ժիհատ Խաթիպ կը խոստանան ըլլալ «սպասուած աւարտականը»:

Սաժես ամէն տարի կը փորձէ ախոյեան դառնալ 2000-ականներու իր հին օրերը վերադարձնելու, մինչ Ռիատի միշտ ալ պատասխան ունի կայուն խմբակով մը, որ 11-րդ յաջորդական տարին ըլլալով կը խաղայ աւարտական:

 

 

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Գասպար Տէրտէրեան` Արծաթէ Մետալակիր

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.