Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆութպոլի Փոխանցումներու Լուրեր

July 5, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամառնային փոխանցումներու շուկան պաշտօնապէս բացուեցաւ, եւ ինչպէս միշտ ճիշդ եւ սուտ լուրերն ալ կը տարածուին:

Անգլիոյ Պրենթֆորտ ակումբը 5 տարուան պայմանագրութիւն մը կնքեց նետերլանտցի Անթոնի Միլամպոյի հետ: 20 տարեկան Միլամպօ Ֆեյենուրտի հետ արհեստավարժ պայմանագրութիւն ունէր 2021-էն ի վեր` կատարելով 60 մրցումներ, նշանակելով 8 կոլեր: Փոխանցման արժէքն էր 17 միլիոն սթերլինկ փաունտ, առաւել 4,25 միլիոն յաւելեալ պոնիւս:

«Քորիերէ Տելլօ Սփորթ» յայտնեց, որ Նափոլի պատրաստ է փոխանցման առաջարկ ներկայացնելու Լիվըրփուլի յառաջապահ Տարումին Նունիեսի փոխարէն:

Ըստ «Աս»-ի, Աթլեթիքօ Մատրիտ պատրաստ է աւելցնելու իր առաջարկը` Թոթենհամի պաշտպան Քրիսթիան Ռոմերոյը ձեռք ձգելու: Անցեալ շաբաթ, Մատրիտի ակումբը մերժուած էր Թոթենհամի կողմէ, մանաւանդ որ սպանական ակումբը շատ աւելի նուազ կը վճարէ, քան իրենց հաստատած սակը, որ 70 միլիոն եւրօ է:

Նափոլիի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ, ըստ «Կացեթա Տելլօ Սփորթ»-ի, կ՛ուզէ ձեռք ձգել Աթալանթայի աստղ Ատեմոլա Լուքմանը:

Լուքման շատ լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ վերջին երեք տարիներուն, եւ Նափոլի շատ կրնայ օգտուիլ իրմէ, եթէ անշուշտ համաձայնութիւն կնքուի նիկերիացի յառաջապահին հետ:

«Լա լիկա»-ի ակումբներէն Վիարէալ յայտնեց, թէ Նափոլիի յետսապահ Ռաֆա Մարին աշխատավարձով մաս պիտի կազմէ սպանական ակումբին 1 տարեշրջանի համար:

Արսենալ կը փորձէ ձեռք ձգել Լոնտոնի իր «դրացի-թշնամի» Չելսիի ծայրի յառաջապահ Նոնի Մատուեքէն, երբ օր մը առաջ Չելսի ձեռք ձգած էր պրազիլցի Ժոաօ Փետրոն:

Աթլեթիքօ Մատրիտ իր միջնապահ գիծը զօրացնելու նպատակով ամբողջացուց Ալեքս Պայենայի փոխանցումը` Վիարէալէն, 45 միլիոն եւրոյի փոխարէն, առաւել 5 միլիոն պոնիւսով:

Ինչպէս նշեցինք, Պրայթընի պրազիլցի յառաջապահ Ժոաօ Փետրօ միացաւ Չելսիին 60 միլիոն սթերլինկ փաունտի փոխարէն: Միացումը պաշտօնապէս պիտի կատարուի Փալմէյրասի դէմ մրցումէն առաջ:

Պայեր Լեւերքուզըն ձեռք ձգեց Լիվըրփուլի կեդրոնի յետսապահ Ճարել Քոանսան փոխարէն 30 միլիոն եւրոյի:

Գերմանիոյ «հսկան»` Պայերն Միւնիխ, որ օրեր առաջ բաժնուեցաւ իր ծայրի յառաջապահ Լիրոյ Սանէէն, այժմ կը փնտռէ անոր փոխանորդը:

Ձախող փորձէ մը ետք` Նիքօ Ուիլիամսի հետ, այժմ Լուիս Տիասի փորձն ալ ձախողեցաւ, երբ Լիվըրփուլ մերժեց զայն, 28 տարեկան քոլոմպիացին տարի մը եւս պահելու նպատակով: Այժմ Պայերնի համար յարմարագոյն լուծումը գերմանացի Նիք Վոլթըմատէն է:

Շթութկարթի յառաջապահը, որ 21 տարեկանէն վար ազգային խումբի բարձրահասակ աստղն է (1,98 մեթր), կը նկատուի լաւագոյն փոխանորդը (Սանէի), մանաւանդ որ Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Մարքուս Ռաշֆորտ բաւական բարձր ամսական ունի, եւ դժուար թէ գերմանական ակումբը այդ գումարը վճարէ Ռաշֆորտին:

Լիվըրփուլի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ Նետերլանտներու ազգային խումբի նախկին մարզիկ Ճիովաննի Վան Պրոնքհորսթ նշանակուած է ակումբի գլխաւոր մարզիչի օգնական: Վան Պրոնքհորսթ պէտք է ստանայ աշխատանքի արտօնագիր` պաշտօնապէս ստանձնելու իր պարտականութիւնները:

Լիվըրփուլ նաեւ ձեռք ձգած է բերդապահներու նոր մարզիչ, ուր սպանացի Խաւի Վալերօ լքելէ ետք Ուեսթ Համը միացած է Լիվըրփուլին: Ակումբը լքած են գերմանացի մարզիչ Ֆապիան Օթթէ եւ 1994-ի աշխարհի ախոյեան պրազիլցի բերդապահ Քլաուտիօ Թաֆարել:

Վան Պրոնքհորսթ 2024-ին մարզած էր Պեշիքթաշը եւ աւելի կանուխ կը մարզէր Սկովտիոյ Ռէյնճըրզն ու Նետերլանտներու Ֆեյէնուրտը:

Անցեալ տարեշրջանին Լիվըրփուլ Առնէ Սլոթի հետ նուաճած էր Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսը` հաւասարելով Մանչեսթըր Եունայթըտի 20 տիտղոսներուն:

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Սփիւռք-Հայաստան Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Մէկ Ու Միակ Ուղին Իշխանափոխութիւնն Է

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Այթոն Պիտի Միանայ Լէյքըրզին

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.