Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի խմբապետ Յովհաննէս Պաչքով (63,5 քկ) արհեստավարժ ռինկի վրայ կը շարունակէ մնալ անյաղթ: Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած «Այ. Պի. Էյ. Փրօ-7» ախոյեաններու գիշերուան» մրցաշարքին ան 9-րդ ռաունտին թեքնիք նաք-աութով պարտութեան մատնեց Հարաւային Ափրիկէի բռնցքամարտիկ Խոլիսան Նտոնկենին:
Նտոնկենի, որ 40 մրցումներու ընթացքին 33 յաղթանակ արձանագրած էր, կրեց իր 8-րդ պարտութիւնը:
32 տարեկան Պաչքով մենամարտի ընթացքին ցուցադրեց բարձր մակարդակի մրցում, ուր ան ճկունօրէն կը ցատկէր եւ բազմաթիւ տեսակաւոր հարուածներ կը հասցնէր մրցակիցին:
9-րդ ռաունտին Պաչքով իր մրցակիցին անկիւն քշեց եւ շարք մը դիպուկ հարուածներով ծունկի բերաւ զայն, ապա Նտոնկենիի խումբը սպիտակ անձեռոց նետեց ռինկ` ընդունելով պարտութիւնը:
Այս յաղթանակով Պաչքով նուաճեց «Այ. Պի. Էյ. Փրօ» ախոյեանութեան գօտին եւ պահեց «Տապըլիու. Պի. Էյ.» միջցամաքամասային տիտղոսը: Ասիկա անոր արհեստավարժ 8-րդ յաջորդական յաղթանակն էր, անոնցմէ 7-ն ան արձանագրած է նաք-աութով:
Ան իր ոչ արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին շահած է 2019-ի եւրոպական խաղերը (Մինսք), ինչպէս նաեւ 2017-ի եւ 2022-ի Եւրոպայի ախոյեանութիւնները:
2020-ի Թոքիոյի ողիմպիականին ան շահած է նաեւ պրոնզ մետալ: