Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Գասպար Տէրտէրեան (72 քկ) հասաւ Եւրոպայի երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան աւարտական` յաղթելէ ետք ազրպէյճանցի Սէյմուր Կասիմովին 5-1 արդիւնքով:
Քառորդ աւարտականին Գասպար Տէրտէրեան պարտութեան մատնած էր յոյն Արիոնա Գոլիցոփուլոսին (2-1), իսկ աւելի առաջ` հունգարացի Պենտեկուզ (Ֆելքային (9-1)
Աւարտականին Գասպար Տէրտէրեան պիտի մրցի Վրաստանի ներկայացուցիչ Ալեքսանտրէ Ռուսիթաշվիլիի դէմ:
Ախոյեանութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ Իտալիոյ Գաորլէ քաղաքին մէջ, միայն մէկ հայ ներկայացուցիչ պիտի ունենայ աւարտականին:
Գասպարի եղբայրը` Սամուէլ Տէրտէրեան (77 քկ), պրոնզէ մետալի համար պիտի մրցի այսօր: