Հայաստանի ներկայացուցիչ Գասպար Տէրտէրեան (72 քկ) արծաթէ մետալ շահեցաւ Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու (մինչեւ 20 տարեկան) ախոյեանութեան:
Աւարտականին Գասպար Տէրտէրեան լարուած մրցումի մը ընթացքին 4-3 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Վրաստանի ներկայացուցիչ Ալեքսանտրէ Ռասիտաշվիլիէն:
Մինչեւ աւարտական Տէրտէրեան յաղթած էր Յունաստանի, Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի ըմբիշներուն, յաջորդաբար 2-1, 9-1 եւ 5-1 արդիւնքով:
Հայաստանի ազգային խումբը այս մրցաշարքը աւարտեց երկու մետալով: Հետաքրքրականը այն է, որ երկու մետալներն ալ` արծաթ եւ պրոնզ, նուաճեցին Տէրտէրեան եղբայրները` Գասպարն ու Սամուէլը: