Իտալիոյ հնագոյն ակումբներէն մէկը` Պրեշիա, 114 տարուան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կորսնցուց արհեստավարժ ակումբի կարգավիճակը եւ պաշտօնապէս կը հեռացուի երկրի արհեստավարժ ֆութպոլի ախոյեանութիւններէն:
Աւելի կանուխ, ակումբի սեփականատէր Մասիմօ Չելինօ հրաժարած էր ակումբի հաշուոյն փոխանցել 3 միլիոն եւրօ` աշխատակիցներու աշխատավարձերուն պարտքը փակելու համար: Այդ արդիւնքով խումբը սնանկացած նկատուեցաւ եւ անցաւ ոչ արհեստավարժ լիկա:
Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս հաստատեց, որ Պրեշիա չստացաւ «Սերի Սէ.»-ին մասնակցելու իրաւունք 2025-2026 տարեշրջանին համար:
Իտալացի Ռոպերթօ Պաճիօ, ռումանացիներ Միրքէա Լուքեսքու եւ Ճիորճի Հաճի, Լուքա Թոնի, Փեփ Կուարտիոլա, Սանտրօ Թոնալի, Մարիօ Պալոթելլի եւ Անտրէա Փերլօ ժամանակին մաս կազմած են Պրեշիային, որ հիմնուած էր 17 յուլիս 1911-ին: