Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Խաչանով Յաղթանակով Սկսաւ Ուիմպըլտընը

July 2, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի օր Անգլիոյ մէջ սկսաւ թենիսի օրացոյցի ամէնէն կարեւոր կրան շլեմի մրցաշարքը` Ուիմպըլտընի բաց մրցաշարքը:

Ուիմպըլտըն, որ խոտով ծածկուած դաշտի վրայ տեղի կ՛ունենայ, կը նկատուի ամէնէն հին մրցաշարքը, որ 148 տարի առաջ սկսած է (1877-ին):

Զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր 8 անգամ շահելով մրցանշակիրն է տղոց անհատական մրցումներուն, մինչ Մարթինա Նաւրաթիլովա 9 անգամ կրցած է շահիլ այս մրցաշարքը` աղջկանց մրցանիշ արձանագրելով:

Ռուսահայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ 2021-ին հասած էր Ուիմպըլտընի քառորդ աւարտական, լաւ ձեւով սկսաւ այս տարի եւ 7-5, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց թիւ 88 դասուած Մաքենզի Մաքտոնալտին:

Թիւ 20 դասուած Կարէն Խաչանով անցեալ շաբաթավերջին ցուցադրական Հըրլինկհեմ մրցաշարքի աւարտականին յաղթած էր սերպ Նովաք Ճոքովիչի (7-6 եւ 6-4) եւ յոյսով է, որ հասնի վերջին հանգրուաններուն, հակառակ անոր որ թիւ 2 դասուած Քարլոս Ալքարաս իր բաժինը կը գտնուի:

Ալքարաս, որ անցեալ տարուան տիտղոսակիրն է, դժուար սկսաւ իր առաջին մրցումը, որ կը մրցէր իտալացի վեթերան Ֆապիօ Ֆոնյինիի դէմ: Ալքարաս պէտք ունեցաւ 4 ժամ 27 վայրկեանի` դուրս ձգելու իր 138 դասուած մրցակիցը 7-5, 6-7, 7-5, 2-6 եւ 6-1 արդիւնքով:

Թիւ 24 դասուած յոյն թենիսմեն Սթեֆանոս Ցիցիփաս 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով ետ կը մնար ֆրանսացի Վալանթեն Ռուայէի դիմաց, երբ վիրաւորուելով կիսատ ձգեց մրցումը:

Դանիացի Հոլկեր Ռունէ (թիւ 8) 6-4, 6-4 արդիւնքով յառաջանալէ ետք 7-5, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով պարտուեցաւ չիլիցի Նիքոլաս Ժարրիի դէմ մրցումին (թիւ 143): Թիւ 9 դասուած Տանիլ Մետվետեւ իր կարգին 7-6, 3-6, 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց ֆրանսացի Պենժամեն Պոնզիէն (թիւ 64) եւ դուրս մնաց:

Աղջկանց մրցումներուն, ուր վերջին 9 տարիներուն տարբեր 9 մարզիկներ շահեցան, թունուզցի Օնս Ժապեր, որ 2022-ին եւ 2023-ին հասած էր աւարտական, իր առաջին մրցումին վիրաւորուեցաւ եւ 7-6 արդիւնքով ետ կը մնար, երբ կիսատ ձգեց մրցումը:

 

 

Նախորդը

Ակումբներու Մոնտիալ. Ինթեր Միլան Եւ Մանչեսթըր Սիթի Դուրս Մնացին

Յաջորդը

Բռնցքամարտ. Հայաստանի Հաւաքականէն 5 Անդամներ` Ոսկի Մետալակիր

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.