Անցեալ շաբաթավերջին «Եու.Էֆ.Սի. 317»-ի գլխաւոր մենամարտին թեթեւ կշիռի տիտղոսին համար մրցումի մը ընթացքին սպանացի Իլիա Թոփուրիա նաք-աութով պարտութեան մատնած էր Չարլզ Օլիվէյրան:
28 տարեկան ծնունդով վրացի Թոփուրիա առաջին ռաունտին նաք-աութի ենթարկած էր Օլիվէյրան` օգտուելով այս վերջինիս սխալէն, դառնալով թեթեւ կշիռի ախոյեան:
Կշիռքի դասակարգային փաունտ-ֆոր-փաունտ դասաւորման մէջ, Թոփուրիա գահընկէց ըրաւ Իսլամ Մախաչեւը, որ գրաւեց Բ. դիրքը: Մերապ Տվաշվիլի գրաւեց 3-րդ դիրքը (նախապէս 2-րդ):
Թեթեւ կշիռի տիտղոսի նախկին մրցակից, Հայաստանը ներկայացնող Արման Ծառուկեան, տիտղոսի մրցումին (Թոփուրիա-Օլիվէյրա) ներկայ էր իբրեւ պահեստի մարզիկ:
Մրցումէն ետք Թոփուրիա յայտնած էր, թէ Ծառուկեան տարօրինակ տեսք ունէր, երբ Օլիվէյրա նաք-աութի ենթարկուեցաւ:
«Անոր դէմքին ապշահար արտայայտութիւն կար, երբ տեսաւ, որ ես նաք-աութի ենթարկեցի Օլիվէյրային: Հաւանաբար ինքն իրեն կ՛ըսէր, որ կրնայ մտնել ռինկ եւ ըլլալ անոր փոխարէն: Փառք Աստուծոյ Չարլզին ոչինչ պատահեցաւ: Անոր փոխարէն կրնար ինք ըլլալ (Ծառուկեան)», ըսաւ Թոփուրիա:
Ծառուկեան լուռ չմնաց եւ ըսաւ. «Իրական մրցակիցէ փախուստ տալը միայն մէկ բան կ՛ապացուցէ, թէ կը վախնաս… Դուն քու խորքիդ մէջ գիտես, թէ ի՛նչ կը պատահի երբ մրցիս ինծի հետ», պատասխանեց Արման Ծառուկեան:
Թեթեւ կշիռի ընդհանուր դասաւորման մէջ Իսլամ Մախաչեւ կը մնայ թիւ 1 դիրքին վրայ, մինչ Արման Ծառուկեան կը գրաւէ 2-րդ դիրքը:
Նշենք, որ Մախաչեւ 600 օրեր շարունակ կը գխաւորէր փաունտ-ֆոր-փաունտի դասաւորումը: Թոփուրիա դարձաւ «Եու. Էֆ. Սի.»-ի պատմութեան 10-րդ մարտիկը, որ կը գրաւէ այս ցուցակի առաջին դիրքը: