Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հեծելարշաւ. Ուեհպէ, Հաննուշ Եւ Խալիֆէ` Ժամացոյցի Դէմ Մրցումի Ախոյեաններ

July 3, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը կազմակերպեց ժամացոյցի դէմ 2025-ի Լիբանանի ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ կիրակի, Պէյրութի գետին մօտ, «Տեպպաս» ընկերութեան առջեւէն մինչեւ «Ալֆա-Շեւրոլէ» խաչմերուկ, ապա վերադառնալով Քարանթինա երթուդարձի դրութեամբ:

Այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 55 վարորդներ, որոնք մաս կը կազմէին ֆետերասիոնի ակումբներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու մարզիկներուն:

Մրցումը բաժնուած էր երկու դասակարգերու, ընտրանիի` «Էլիթ» վարորդներու դասակարգի մրցում, որ 32,8 քմ երկարութիւն ունէր, եւ մասթըրզի ու աղջկանց մրցում, որ կ՛երկարէր 24,6 քմ երկարութեան վրայ:

Մասթըրզի մրցումներու ախոյեան դարձաւ Ալէյ ակումբի մարզիկ Ժան Ուեհպէ` արձանագրելով 35,46 վայրկեան, մինչ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկներ Ժորժ Ուատիհ եւ Յակոբ Քէշիշեան յաջորդաբար գրաւեցին 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը:

«Էլիթ մրցումի ախոյեան դարձաւ Ալէյ ակումբի մարզիկ Ժիլպեր Հաննուշ, որ 32,8 քմ կտրեց 45,08 վայրկեանի ընթացքին, մինչ Նաֆեզ Քամալէտտին (Ղազալ ակումբ) եւ ՀՄԸՄ Պէյրութի մարզիկ Ապտել Ազիզ Մանեհ ամբողջացուցին փոտիումը:

Աղջկանց ախոյեան դարձաւ Ռամոնա Խալիլ (Լիբանանի հեծելարշաւի ակումբ), մինչ Թամարա Զէյն (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) եւ Ֆաթմէ Ռասլան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) գրաւեցին 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը:

Այս մրցումը հովանաւորեց Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Հրայր Սաթոյեան, ինչպէս նաեւ թեքնիք յանձնախումբի նախագահ Նազարէթ Հապիպեան` ներկայութեամբ ֆետերասիոնի բոլոր վարչական պատասխանատուներուն:

Ներքին ապահովութեան ուժեր եւ լիբանանեան բանակէն անդամներ ստանձնեցին շրջավազքի ապահովութիւնը` փակելով ճամբաները, մրցումի պահուն երաշխաւորելու համար մասնակից մարզիկներուն ապահովութիւնը:

Ֆետերսիոնը այս կիրակի պիտի կազմակերպէ նաեւ ճամբու վրայ մրցումը` Զաարուր-Պասքինթա մայրուղիին վրայ:

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Գասպար Տէրտէրեան Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Սաժես Հասաւ Աւարտական

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.