Հինգշաբթի գիշեր, Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի Լեռնալիբանանի շրջանի Բ. հանգրուանի իր վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Անսարի դաշտին վրայ կը մրցէր Ռապիթաթ Ուարտանիէ խումբին դէմ:
Ուարտանիէ, որ անցեալ տարեշրջանին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի նման աւարտական հանգրուան հասած էր, այս տարի յոյս չունէր եւ հաւանաբար այդ պատճառով… 8 մարզիկներով ներկայացած էր դաշտ:
Մրցումը բնականաբար միակողմանի եղաւ եւ կարճ, որովհետեւ 5-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, մրցակիցը քաշուեցաւ տակաւին 10 վայրկեաններ չխաղցած:
ՀՄԸՄ-ի եւ Լեռնալիբանանի այս տարուան լաւագոյն կոլ-սքորըր Սերժ Օսքեան 4 կոլ նշանակեց` իր կոլերու հաշիւը հասցնելով 19-ի, մինչ անցեալ տարուան կոլ-սքորըր Եուսեֆ Համատէ կոլ մը աւելցուց, տարեշրջանի իր 12-րդը:
Նոյն ձեւի մրցում մը իրար դէմ հանեց Լիուաա Պարժան (5-րդ) եւ Ահլի Սարպան (4-րդ):
Մրցումի ընթացքին, Ահլի Սարպայի մարզիկները մէկիկ-մէկիկ լքեցին դաշտը, եւ երբ մարզիկներու թիւը 7-էն աւելի պակսեցաւ, իրաւարարը ինքնաբերաբար սուլեց մրցումի աւարտը, երբ արդիւնքը 2-2-ի վրայ հաւասար էր:
Այս ձեւով ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ աւարտեց իր մրցումները (Բ. հանգրուանի) եւ այժմ կը սպասէ Ա. խմբակի վերջին շաբթուան մրցումներուն արդիւնքներուն, որոնց լոյսին տակ պիտի պարզուի աւարտականի իր մրցակիցը:
Ռաուտա Տըքուանէ եւ Ռիատի Պարժա կը գրաւեն առաջին դիրքը 10-ական կէտերով:
Ռիատի Պարժա պիտի մրցի 4-րդ դիրքը գրաւող Լուպնան Մութթահետ խումբին դէմ, իսկ Ռաուտա Տըքուանէ` Տերպի Մըրայժէ խումբին դէմ:
Այս խմբակին առաջին դիրքը գրաւող խումբը պիտի մրցի Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան տիտղոսին համար:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ իր 10 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտեց, այս եղանակին 55 կոլ նշանակած է` ստանալով 2 կոլ միայն:
Հետաքրքրականը այն է, որ խումբը Բ. հանգրուանին 30 կոլ նշանակեց առանց որեւէ կոլ ստանալու: Բ. հանգրուանը սկզբունքով առաջին հանգրուանէն դժուար պէտք է ըլլայ: